ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Էսոշիէյթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն «Սապանճը» համալսարանին ու «Պրուքինկզ» հիմնարկին կողմէ միատեղ կազմակերպուած համագումարին առիթով, լրագրողներու զանազան հարցումներուն պատասխանելով՝ կրկնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու համար շատ կարեւոր են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, եւ ցաւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան Անգարա ետ կանչուած է: Ըստ Կորտընի, ան այս օրերուն Ուաշինկթըն պէտք է ըլլար, որպէսզի բացատրէր, թէ ի՞նչ են Թուրքիոյ ակնկալութիւններն ու տեսակէտները։ «Անոր բացակայութիւնը ժխտական արդիւնք կրնայ տալ», ըսած է ան։
Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման՝ Կորտըն ըսաւ, որ մէկ տարիէ ի վեր կարեւորութեամբ կը հետեւին այս գործընթացին, եւ որ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց արդէն իսկ յայտարարած են, թէ դէմ են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, որ կրնայ արձանագրութեանց վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն վնաս հասցնել։
«Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացը ցանկալի արագութեամբ չընթացաւ մինչեւ հիմա, բայց կը կարծեմ, որ երկու երկիրներն ալ կապուած կը մնան գործընթացին, եւ մենք ալ մեր կարելին պիտի ընենք անոնց օգնելու համար, որովհետեւ ասիկա երկուքին համար ալ նպաստաւոր է», ըսած է Կորտըն։
Երբ լրագրողներ յիշեցուցած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն խօսքը, թէ ի պահանջել հարկին, Թուրքիա կրնայ երկրէն հեռացնել 100 հազար փախստական հայաստանցիներ, Կորտըն պաշտպանած է այն կարծիքը, թէ Էրտողան պարզապէս ըսել ուզեց, որ երկրին մէջ 100 հազար Հայաստանցիներ կան: «Ես չեմ կարծեր, որ ան հայաստանցիները վտարելու սպառնալիք մը ընել ուզեց։ Ասիկա բանաձեւին հետ կապ չունի, երկուքը տարբեր խնդիրներ են։ Ամէն երկիր գաղթականի խնդիրներ ունի ու ամէն երկիր այս հարցը կը լուծէ իր օրէնքներուն համաձայն», ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ հայաստանցիներուն հարցը որեւէ կապ չունի Քոնկրեսին մօտ կատարուած որեւէ քուէարկութեան հետ։ «Եկէք կապ չհաստատենք Քոնկրեսի աշխատանքին ու այս հարցերուն միջեւ», ըսած է ան։
Կորտըն ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ ըսած է, որ Էրտողան հրաւիրուած է Ապրիլ ամսուան ապահովական հարցերուն նուիրուած ժողովին, բայց Թուրքիա դեռ չէ յայտնած, թէ ո՛վ պիտի մասնակցի այդ վեհաժողովին։
Ան նշած է, թէ Ուաշինկթըն նպատակ չունի Ցեղասպանութեան բանաձեւը ընդունելով՝ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրել, կամ որեւէ այլ նպատակի համար օգտագործել զայն։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա գործընթացին մասին՝ Կորտըն նշած է. «Հայ-թրքական փակ սահմանները արգելք են տարածաշրջանին մէջ բոլոր երկիրներու շահերէն բխող բաց ուժանիւթի միջանցքի ստեղծման համար։ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, ուժանիւթի խնդիրը եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը Կովկասի երեք կարեւոր խնդիրներն են եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ազդէ միւսին վրայ, սակայն անոնք պէտք չէ իրարու կապել, որովհետեւ ամէն ինչ կը խառնուի։ Այդ երեք խնդիրները միաժամանակ յառաջ մղելու համար անհրաժեշտ է, որ բոլորը իրենց կարելին ընեն»։
«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման համար աշխոյժ ջանքեր կը գործադրուին։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը կը բխի նաեւ տարածաշրջանի շահերէն։ Սակայն այս գործընթացը պէտք չէ խանգարէ միւս խնդիրները: Այսինքն, պէտք չէ ազդէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Մեզի համար անհասկնալի է, որ արձանագրութիւններու վաւերացման համար Թուրքիան միւս խնդիրի կարգաւորման կը նայի։ Արձանագրութիւններու վաւերացումը օգուտ պիտի տայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, իսկ միւս խնդիրներուն պարագային ալ կը դիւրացնէ կարգաւորման ջանքերը», նշած է Կորտըն։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է ճնշում գործադրելու Իրանի վրայ։ Ան Թուրքիան քննադատած է այն բանին համար, որ վերջերս չի սատարէր Իրանի մէջ հիւլէական կեդրոններ կառուցելը արգիլող Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկի բանաձեւին։
Կորտըն Հինգշաբթի օր նաեւ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ՝ շարք մը այլ հարցերու կողքին քննելով նաեւ Արցախի տագնապը: