ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի ճակատագիրը որոշող հանրաքուէն պէտք է կատարուի Ատրպէյճանի սահմանադրութեան հիման վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոր պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքացիները:
Մամետեարով նաեւ յայտարարած է, թէ նախքան հանրաքուէն, Ղարաբաղի ատրպէյճանցի նախքին բնակչութիւնը պէտք է վերադառնայ իր բնակավայրը:
«Ատրպէյճանցիք պէտք է գոյակցին հայերուն հետ եւ ապա միայն բանակցութեանց ճամբով կարելի է բանակցիլ կարգավիճակին մասին: Եթէ հայկական կողմը համաձայնի, որ ատրպէյճանցի համայնքը վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղ, մենք կը գտնենք պատասխանը այս հարցերուն՝ յատուկ յանձնախումբի մը յառաջացումով», յայտնած է Մամետեարով: