ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ շրջանաւարտներու միութեան եւ Հայ իրաւաբաններու միութեան (Armenian Bar Association) համատեղ ջանքերով կազմակերպուած է հայ գործարարներու հաւաքոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Մարտ 23ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Minx» ճաշարանին մէջ: Տարբեր մարզերէ մօտաւորապէս 200 հայ գործարարներու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալուի սոյն հաւաքին, զոր պիտի ճոխացնէ «DJ International»ը:
Մուտքը 25 տոլար է, իսկ ճաշարանին հասցէն՝ 300 Harvey Drive, Glendale, CA 91206-4100:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել hovanes@margarianlaw.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.