UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական ուսմանց բարեկամներու ընկերակցութիւնը, Մարտ 21ին, «Նարեկացի» շքանշանով պիտի պատուէ դոկտ. Անտոնիա Արսլանը՝ առ ի գնահատանք այն անձնդիր ջանքերուն, որ ան կատարած է հայ մշակոյթի բնագաւառէն, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մարզերէն ներս։ Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ ընկերակցութեան 8րդ տարեկան հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին, Կիրակի, Մարտ 21ին, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի (1200 N. Cahuenga Blvd., Hollywood) «Վալտեր եւ Լորել Գարապեան» սրահին մէջ (ընդունելութիւնը ժամը 6:00ին, որմէ ետք ճաշկերոյթն ու յայտագիրը)։

Անտոնիա Արսլան իտալահայ գրողն ու գիտնականը ծնած է Իտալիոյ Փատուա քաղաքը, 1938ին։ Նախ հնագիտութեան մէջ Մագիստրոսի աստիճանը ստանալով՝ շարունակած է իր ուսումը, դառնալով Փատուայի համալսարանի իտալական արդի գրականութեան դասախօս, որմէ ետք ստանձնած է Հորտհամ համալսարանի յատուկ այցելու դասախօսի պաշտօնը։ Տարիներու ընթացքին ան զանազան սեմինարներ եւ դասախօսութիւններ ղեկավարած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու համալսարաններէն ներս:
Արգասաբեր եղած է իր մասնագիտական գրիչը։ Հեղինակած ու խմբագրած է քսանէ աւելի գիրքեր՝ ի յաւելումն բազմաթիւ յօդուածներու, գրախօսութիւններու եւ թարգմանութիւններու։ Իբրեւ գրաքննադատ՝ իր հիմնական մտահոգութիւնը եղած է իտալական գրական կանոնը, հարց մը, զոր վերջերս ներկայացուցած է «Տանա Տրէյք» դասախօսութեան մէջ։ Արտադրած է զանազան կարեւոր մենագրութիւններ Տինօ Պիւծատիի եւ 19րդ դարու ժողովրդական վէպի մասին (Dame, droga e galline; 1977)։ Իր հիմնարար ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են 19-20րդ դարու կին գրողներու գործերուն վրայ (ինչպէս՝ Dame, droga e galline; 1977, եւ «Գրել Յանուն Հաճոյքի, 19րդ Դարու Իտալացի Կին Գրողներ» ծաղկաքաղ մը, զոր ինք խմբագրած ու հրատարակած է Կապրիէլլա Ռոմանիի հետ, Թորոնթօ հրատարակչութիւն, 2006)։
Նշեալ գրողներու շատ մը գործերը ինք վերահրատարակած է՝ կցելով իր ներածականները։ Զանազան առիթներով հետազօտած է Վենետիկի շրջանի գրականութեան առանձնայատկութիւնները (ինչպէս՝ «Յիշողութիւն եւ Ուշիմութիւն, Վենետիկեան գրականութիւնը 1945էն Մինչեւ Օրս», 1988), ժողովրդական գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից արձակն ու բանաստեղծութիւնը երեւակայութեան գրական սեռին մէջ։
Չգոհանալով իր դափնեպսակներով՝ բոլորովին վերջերս ան խմբագրած է Փատուայի Scorpione Letterario պարբերականը 2004էն 2008, եւ նոյն տարին սկսած է իր սիւնակը «Ապագայ» (Avvenire) օրաթերթին մէջ, ապա նաեւ Luoghi dell infinito եւ Messagero di S. Antonio ամսաթերթերուն մէջ։
Վերջին շրջանի իր գործերուն մէկ այլ երեսակն է հայ գրականութեան եւ պատմութեան հանդէպ իր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։ Այս գործընթացին մէջ ան յատկապէս կը տարուի Դանիէլ Վարուժանի քերթողական արուեստով։ Ա. Արսլան կը փորձէ Վարուժանը դիտել ու տեղաւորել արեւելքի ու արեւմուտքի մէջ 1989ին գրուած յօդուածով՝ համատեղ կատարուած Մեքիքեանի հետ, «Հացին Երգը»ի թարգմանութեան առընթեր, որուն յաջորդած է նաեւ այլ բանաստեղծութիւններու թարգմանութեան հաւաքածոյ մը։ Ան իր կարելին ըրած է, որպէսզի հայ մշակոյթին մասին աւելի շատ ներկայացուին իտալերէնով, ինչպէս օրինակ Ժերար Տէտէեանի «Հայոց Պատմութիւն»ը եւ «Հայ Գրականութիւն» վերնագիրով ներածականը՝ Delle e dei personaggi հրատարակութեան համար։ Այնուհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ արթնութիւնը աւելի հնչեղ դարձնելու նպատակով, 2000 թուականին, Փատուայի մէջ կազմակերպած է յատուկ համագումար մը, որուն յաջորդող տարուան ընթացքին յաճախ անդրադարձած է նոյն թեմային։ Ան թարգմանած է Քլոտ Միւթաֆեանի «Մեծ Եղեռն. Հայկական Ցեղասպանութեան Համառօտ Պատմութիւնը», 1995 (այժմ առկայ է ընդարձակ եւ հինգերորդ հրատարակութիւնը), ապա Վահագն Տատրեանի «Հայկական Ցեղասպանութեան Պատմութիւն»ը, 2003, ինչպէս նաեւ Տոնալտ Միլլըրի եւ Լորնա Դուրեան-Միլլըրի «Վերապրողները», 2007։
Ա. Արսլանի հետաքրքրութեանց ծիրին մէջ է եղած նաեւ հետազօտութիւնը հայութեան ներկայութեան Իտալիոյ մէջ, ներառեալ նաեւ կեանքն ու գործը յայտնի գրագիտուհի Վիկտորիա Աղանուրի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած բռնահանուածներու կենսապայքարը Իտալիոյ մէջ («Քսաներորդ Դարու Հայերը Իտալիոյ Մէջ», 1999, եւ «Կովկասէն Վենետիկ. Հայերը Պատմութեան եւ Յիշողութեան Մէջ», 2003 աշխատութիւնները)։
Այս վերջին նիւթը Ա. Արսլան աւելի կը զարգացնէ իր առաջին վէպին մէջ (La masseria delle allodole, հրատարակուած 2004ին Ռիծծոլիի կողմէ)։ Հիմնուելով զինք նախորդած սերունդի հարազատներուն պատմութեան վրայ՝ ան կը նկարագրէ այն անպատմելի դժուարութիւններն ու տառապանքները հայ ընտանիքի մը, որ անցաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն ընդմէջէն։ «Արտոյտներու Ագարակը» կը վերաբերի իր հարազատներուն, որոնք կ՛ապրէին «Արեւելեան Թուրքիոյ» լեռնային շրջաններու մէջ, ուր իր ընտանիքի արու անդամները մորթուեցան 1915ի Մայիսին, որուն յաջորդած է գերդաստանի ողջ մնացած կիներու դիմագրաւած փորձութիւններու շրջանը Սուրիոյ անապատներու տարածքին՝ մահուան երթերուն մէջ։ Վերապրողները խոյս տալով բանտէն ու անցնելով արկածալից դէպքերու ընդմէջէն՝ վերջապէս կը յաջողին հասնիլ Իտալիա, ուր անոնք հետամուտ կ՛ըլլան գտնելու աւելի վաղուց հոն հաստատուած հարազատ մը։
Ա. Արսլանի նրբագեղ արձակը այսպիսով կ՛ընդգծէ զօրաւոր կամքի ու անհատականութեան տէր շարք մը հայ կանանց նկարագիրը, կանայք, որոնք ամուր կերպով կպած են իրենց մարդկայնութեան՝ ի դէմս բարբարոսական փորձութիւններու։ Նշեալ վէպը հասնելով 2004ի Premmio Campielo մրցանքի աւարտական փուլին, արժանացած է Premmio Stresa di Narrativa մրցանքի առաջին պարգեւին։
Յաջորդ տարի ան կը շահի նաեւ P.E.N. մրցանակն ու Մանծոնի մրցանակը, որմէ ետք կը հասնի Los Angeles Times Seidenbaum First Fiction մրցանքի աւարտական փուլին։ Նշուած ստեղծագործութիւնը թարգմանուած է քանի մը լեզուներու, ներառեալ անգլերէնի՝ Ճոֆրի Ռոքի կողմէ, կրելով Skylark Farm վերնագիրը 2008ին, Knopf հրատարակչատան կողմէ։ Թարգմանուած է նաեւ հայերէնի՝ Վենետիկի Ca Foscari համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ղեկավար դոկտ. Սոնա Յարութիւնեանի կողմէ։ Գիրքը ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է իտալացի ֆիլմարտադրիչներ Փաոլօ եւ Վիտտորիօ Թավիանիներու Masseria Delle Allodole («Արտոյտներու Ագարակը») ժապաւէնին համար։ Գիրքը առաջինն է եռապատումի մը, որուն երկրորդ հատորը կը կոչուի La Strada di Smirne, որ հրատարակուած է դարձեալ Ռիծծոլիի կողմէ 2009ին։ Ներկայիս այս մէկը հայերէնի թարգմանուելու ընթացքին մէջ է։