Ցեղասպանութեան դէմ պայքարը համամարդկային տարողութեամբ անզիջող կռիւ պէտք է ըլլայ՝ ընդդէմ ցեղապաշտութեան, որուն գաղափարախօսութենէն է, որ, ի վերջոյ, կը ծնին, կը հիմնաւորուին, կը գործադրուին մաքրազտումները այսօր՝ այս, վաղը՝ մէկ այլ հաւաքականութեան դէմ:
Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարը եւս իր համամարդկային ծիրէն երբեք դուրս պէտք չէ հանել ու զայն նսեմացնելով՝ դարձնել սոսկ հայ-թուրք յարաբերութիւններու կարգաւորումը խանգարող գործօնի մը: Կասկած չկայ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ու Թուրքիոյ կողմէ հետեւողական ուրացումը գլխաւորագոյն ազդակներն են հայ-թուրք յարաբերութիւններու անբարեյոյս վիճակին, բայց եւ այնպէս, եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները կախարդական ցպիկի շարժումով մը կարենան այդ իրողութիւնը անտեսելով յաջողիլ կարգաւորման նմանակութիւն մը ստեղծել, թրքական ուժային կեդրոններու մէջ թաքնուած ու տակաւ սնուցող ցեղապաշտական մօտեցումները իրենց գիտակից կամ անգիտակից դրսեւորումներով, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ նոր խրամատներ ստեղծելու բազմաթաիւ առիթներ պիտի ունենան:
Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի բերնէն ուղղակի դուրս սպրդած սպառնալիքը՝ Թուրքիա գտնուող հայերու արտաքսման իր տրամադրութիւնը արտայայտող, յստակ ցուցանիշ մըն է Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքական ղեկավարներու ցեղապաշտական հակումներուն, որոնք միջազգային հանրութեան աչքերէն թաքնուած կը մնան՝ պարզապէս նպատակայարմարութենէ մեկնելով:
Էրտողան անդրադարձաւ, որ լուրջ սխալ մը գործեց իր սիրտն ու միտքը այդպէս անկեղծօրէն բանալով աշխարհին առջեւ ու զանազան միջոցներով փորձեց մեղմել կացութիւնը: Բնական էր ու ժամանակին Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու անդրադարձը Էրտողանի յայտարարութեան: Թէ՛ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մատնանշումները, ըստ որոնց՝ Էրտողանի յայտարարութիւնը Ցեղասպանութեան յիշատակները կ՛արթնցնէ մեր մէջ, բնական է ու մեզ կը մղէ յուսալ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի վերանային Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ իրենց ցարդ որդեգրած կրաւորական քաղաքականութիւնը: Բարի դրացիական յարաբերութիւններու ակնկալութեամբ ու սպասումով հայաստանեան քաղաքական նախաձեռնութիւնը, հաւանաբար, երբեք չէր ակնկալեր, որ այսպիսի տգեղ երեւոյթի մը առջեւ պիտի գտնէր ինքզինք, երբ տակաւին արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը շարունակելու ակնարկներ կ՛ըլլան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակներէն:
Հայաստանի ղեկավարութեան համար Էրտողանի յայտարարութիւնը պէտք է առաւել շեշտակի դարձնէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը, իբրեւ ազգային ապահովութեան երաշխիքներէն մէկը՝ ցեղապաշտական ու ծաւալապաշտական նկրտումներ ունեցող երկրի մը կողքին գոյատեւելու ճակատագիրով ապրող մեր ժողովուրդին համար:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը նաեւ այս յայտարարութեան լոյսին տակ պարտի աւելի պահանջկոտ ըլլալ միջազգային հանրութեան նկատմամբ՝ ակնկալելով միահամուռ դատապարտում ցեղապաշտական ամէն երեւոյթի դէմ, որոնց շարքին՝ Էրտողանի խօսքերը:
Հայաստանի իշխանութիւնները, այս պայմաններուն տակ, պարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահէն ու օրէնսդիր մարմիններէն ակնկալել, որ տէր կանգնին իրենց խոստումներուն ու յստակ կեցուածք որդեգրեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, որպէսզի Թուրքիոյ իշխանաւորները հասկնան, թէ քաջալերելով ուրացումը՝ պարզապէս ուղղակիօրէն նպաստած կ՛ըլլան՝ ցեղասպանութիւնը կրկնելու սպառնալիքը իրեն հետ բերող ցեղապաշտութիւնը առաւել արմատաւորելու գործին, ոչ միայն քանի մը ղեկավար գործիչներու, այլեւ զանգուածներու հոգիին ու միտքին մէջ:
Իսկ մենք՝ իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ, պարտաւոր ենք ուժգնօրէն դատապարտել ԱՄՆ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընի նման բարձր պաշտօնատարի մը՝ դարձեալ քաղաքական նպատակայարմարութեան նկատառումներով՝ Էրտողանին պաշտպան կանգնելու փորձերը, նման վարքագիծը նկատելով Ցեղասպանութեան բանաձեւի ձախողեցման թէ՛ իբրեւ պատճառ, եւ թէ իբրեւ արդիւնք: