ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութեան համաձայն, մեկնաբանելով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղիներուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին՝ Մարտ 18ին կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, թէ Մամետիարով լրագրողներուն ներկայացուցած է, թէ ինչ արդիւնքներու կրնայ հասնիլ, եթէ բանակցութիւնները վարէ ինքն իր անձին հետ, եւ եթէ միայն Ատրպէյճանը մշակէ եւ ինքն ի՛ր հետ ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը։
«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի արտգործնախարարի վերջին յայտարարութիւնը հերթական անյաջող փորձն է Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ արդարացնելու ինքնորոշուած ԼՂՀի դէմ ՄԱԿի կանոնադրութեան կոպիտ ոտնահարումով ակրէսիայի (նախայարձակման) իրականացումը: Այդ սահմանադրութիւնն ընդունուել է ԼՂՀի հետ զինադադարի կնքումից յետոյ, ու որեւէ կերպ չի առնչւում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեանը, որն ունի իր սեփական սահմանադրութիւնը», նշած է ՀՀ փոխնախարարը եւ աւելցուցած, որ հրաժարելով Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցելէն՝ Ատրպէյճան կ՛արգելակէ բանակցութիւններուն առաջընթացը, եւ չի կրնար խուսափիլ իր սանձազերծած նախայարձակումներու հետեւանքներու պատասխանատուութենէն: