ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Հինգշաբթի, Մարտ 18ին վերադարձաւ Քոնկօ եւ Քամերուն կատարած իր այցելութիւններէն, ու օդանաւին մէջ պատասխանեց լրագրողներու բազմաթիւ հարցումներուն։ Լրագրողներ հետաքրքրուած էին գիտնալով, թէ նախագահը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցին առնչութեամբ նոր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենա՞ր արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, յատկապէս այս օրերուն, երբ ակնարկները ուղղուած են դէպի Ուաշինկթըն, ու կը սպասուի, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մինչեւ Ապրիլ 24։
Նախագահ Կիւլ պատասխանեց, որ Օպամային հետ խօսելիք բան չունի այլեւս, որովհետեւ ան անգամ մը խօսած է արդէն՝ ակնարկելով Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման նախօրեակին ունեցած հեռաձայնային զրոյցին:
«Ամէն ինչ խօսեցանք, բոլոր մանրամասնութիւնները հաղորդեցինք իրենց։ Մենք մեր ընելիքը ըրինք, ընելիք նոր բան չկայ, ուստի անգամ մըն ալ չեմ խօսիր այս հարցին մասին։ Մնացեալը իրենց գիտնալիքն է», ըսաւ Կիւլ։
Այլ կարեւոր հարցում մը բնականաբար կը վերաբերէր հարիւրհազար փախստական հայաստանցիներուն. լրագրողները հարց տուած էին, թէ նախագահը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այդ նախադասութիւնը։ Կիւլ բացատրեց, թէ հարիւրհազար հայաստանցիներ Թուրքիայէն վտարելու հարց չկայ:
«Վարչապետը այդ խօսքը ըսաւ, որպէսզի երեւան հանուի Թուրքիոյ կողմէ կատարուած դրական գործ մը: Նաեւ, կը կարծեմ, թէ ասոնց թիւն ալ հարիւրհազար չէ։ Այս մարդիկը Թուրքիոյ մէջ կ՛աշխատին, իրենց հացը կը շահին ու իրենց ընտանիքներուն կ՛օգնեն։ Այնպէս կը կարծեմ, որ վարչապետը այդ մասին խօսեցաւ, որպէսզի բացատրէ, թէ Թուրքիա ատելութիւն չունի, թշնամանք չունի։ Մարդկային հարցերը պէտք է զատորոշել քաղաքական հարցերէն։ Վարչապետին յայտարարութեան նպատակն էր բացատրել, թէ Թուրքիոյ մէջ իսկ հայերու նկատմամբ այսպիսի լաւ բաներ կը պատահին, եւ թէ Թուրքիա նախապաշարումներ չունի այս խնդիրին մէջ։ Երբեմն մարդիկ խօսելու ընթացքին մէկ երկու սխալ բառ կրնան արտասանել, ասոնք ալ կրնան սխալ հասկացողութեան ճամբայ բանալ։ Մենք միշտ ըսած ենք. Միացեալ Նահանգները տարբեր է, Հայկական Սփիւռքը տարբեր է, Կովկասեան հարցերը տարբեր են։ Կովկասեան կարգավիճակը պէտք է փոխուի, որովհետեւ այդտեղ տիրող կացութիւնը ոչ մէկուն օգուտ է այս պահուն։ Մինսկեան խմբակը վերջերս որոշ յառաջդիմութիւններ արձանագրեց։ Խմբակին անդամակցող երկիրները գործօն են եւ ասիկա շատ կարեւոր է», ըսաւ նախագահը։