ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ինչպէս հաղորդած ենք, այս տարի եւս, յաջորդական 25րդ տարին ըլլալով, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ, Հայկական միացեալ հիմնադրամի նախագահ եւ «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ Յարութ Սասունեանը: Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է Վարդանի ասպետներ եւ դուստրեր կազմակերպութեան կողմէ, օժանդակութեամբ շրջանի հայկական այլ կազմակերպութիւններու, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 25ին, կ.ե. ժամը 2էն 4:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.