ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանցիները Թուրքիայէն արտաքսելու հարցով վարչապետ Էրտողանը քննադատողներէն մէկն է Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութիւնը, որ Գատըգիւղի մէջ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շէնքին դիմաց ցոյց մը կատարեց Երկուշաբթի, Մարտ 22ին:
Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութեան փոխնախագահ Սերփիլ Արսլան յիշեցուց, որ Ամերիկայի ու Շուէտի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն վաւերացումէն ետք կատարած իր այս յայտարարութեամբ, Էրտողան ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը պատմութեան մէջ մնացած չէ, եւ թէ Թուրքիա այսօր ալ տէր կը կանգնի այս արիւնոտ անցեալին։ Ասլան ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ իշխող կուսակցութիւնը հայերը վտարելու մասին կը խօսի, որովհետեւ երբ Ֆրանսա Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցանք նկատեց, կուսակցութեան երեսփոխաններ առաջարկեցին հայերը վտարել երկրէն։
«Վարչապետը ոչ միայն հաշիւ չի տար հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած անիրաւութեան համար, այլ նաեւ պետութեան արիւնոտ պատմութեան վրայ նոր էջեր աւելցնել կը ջանայ», ըսաւ ան:
«Երէկ 1.5 միլիոն հայերու դէմ կիրարկուած տեղահանութիւնը այսօր 100 հազար հայերու դէմ իբրեւ սպառնալիք կը գործածուի։ Այս հողերուն վրայ ապրող հայ ժողովուրդը երբ այս հողերուն վրայ հազարաւորներ կը հաշուէր, այսօր հարիւրներ կը հաշուէ։ Ասիկա եթէ ցեղասպանութիւն չէ, ի՞նչ է հապա», հարց տուաւ Ասլան։
Ցոյցի ընթացքին կուսակցութեան համակիրները պարզած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Մի՛ լռեր, աղաղակէ՛: Ժողովուրդները եղբայրներ են իրարու», «Քիւրտ, թուրք, հայ. կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը», «Ցեղապաշտ վարչապետ չենք ուզեր», «Բոլորս հայ ենք», եւ ալն։