Սպանական մամուլը կը գրէ, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ, որ երկրին խորհրդարանը չվաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը, որպէսզի չնեղացնէ ՆԱԹՕի մէջ իր դաշնակիցներէն մէկը՝ Թուրքիան:
Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը արդէն իսկ անհանգստացուցած է կառավարութիւնը: «Կառավարութիւնը մտահոգուած է, թէ Սպանիոյ մէջ պիտի կրկնուի այն, ինչ տեղի ունեցաւ թուրք-ամերիկեան եւ թուրք-շուէտական յարաբերութիւններու պարագային, երբ այդ երկիրներուն մէջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր վաւերացուեցան», կը գրէ «Ա.Պէ.Սէ.» օրաթերթը: