ԵՐԵՒԱՆ.- Կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Երեւանի մէջ Մարտ 25ին սկսաւ երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողովը՝ «Սոցիալիստական մօտեցումներ Հայաստանի մարտահրաւէրներին. կլոպալ հեռանկարներ, տեղական իրողութիւններ» թեմայով, որ կը շարունակուի նաեւ յաջորդ օրը: Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, ԱՄՆի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Յունաստանի, Արժանթինի, Չիլիի, Իրանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի քաղաքական շրջանակներու, գիտական հաստատութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Իր բացման խօսքին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ խորհրդաժողովը համակողմանիօրէն պիտի քննարկէ եւ վերլուծէ ժամանակակից ընկերվարութեան գաղափարական ու գործնական դրսեւորումները, ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու փորձառութիւնը, պիտի արժեւորէ այն ձեռքբերումները, որոնք կ՛ապահովեն դրական միտում՝ այլ երկիրներու մէջ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման եւ ընկերվարական արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, իր կարգին յայտնեց, թէ ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան երեք սկզբունքները՝ հաւասարութիւն, անկախութիւն եւ արդարութիւն, ամենակարեւոր արժէքներն են մարդոց ու պետութիւններու համար: Ըստ անոր, առանց նշուած սկզբունքներու պահպանման, զարգացող եւ արդար հասարակարգ չի կրնար ձեւաւորուիլ: Լոքեանի հաւաստումով, քաղաքական դաշտի վրայ ՀՅԴն եւս պէտք է առաջնորդուի այս սկզբունքներով, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ներկայանայ անոնց հիման վրայ կազմուած ծրագիրներով:
Իր ելոյթին մէջ, Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւոր Փիթըր Վէյտրուտ յայտնեց, թէ ընկերվարութեան հիմքը հաւասարութիւնն ու հանդուրժողականութիւնն են։ «Միջազգային տնտեսական ճգնաժամը ցոյց տուած է, որ անիկա հնարաւոր է մեղմել ընկերվարական ուժերու միջազգային համագործակցութեամբ», յայտնեց ան։
Այնուհետեւ, ան անդրադարձաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ զայն կարեւոր համարելով՝ յայտնեց, թէ անիկա իրեն հետ պիտի բերէ ընկերվարական արդարութեան, հաւասարութեան եւ անկախութեան հաստատումը: Շուէտի պատգամաւորին խօսքով, վերջերս Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛առնչուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ, ինչ որ յետագային պիտի նպաստէ նման ոճիրներու կանխարգելման:
«Ճիշդ է, մեր այդ քայլը դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն ատիկա չի կրնար ստիպել մեզ անտեսել վայրագութիւնները եւ չպաշտպանել մարդու իրաւունքները», ըսաւ Փ. Վէյտրուտ՝ աւելցնելով, որ շուէտական ընկերվարական արժեհամակարգը լաւագոյններէն մէկն է ողջ աշխարհին մէջ, եւ որ Շուէտ պատրաստ է սեփական իր փորձն ու գիտելիքները Հայաստանին ներկայացնելու:
Միւս կողմէ, Արժանթինի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան յայտնեց, թէ ներկայիս աշխարհի առջեւ ծառացած են գրեթէ միեւնոյն մարտահրաւէրները, եւ միայն միասնական կերպով հնարաւոր պիտի ըլլայ զանոնք յաղթահարել եւ ազդարարել ընկերվարական արդարութիւն ու հաւասարութիւն:
Նշենք, որ ՀՅԴի կազմակերպած խորհրդաժողովին առաջին օրը ներկայ չեն եղած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն (ՀՀԿ) ներկայացուցիչներ, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչները հեռացած են խորհրդաժողովի կիսուն։
Նաեւ Հայաստանի Մարքսիստական կուսակցութեան նախագահ Դաւիթ Յակոբեան մասնակցելով ժողովի ամբողջ ընթացքին՝ յայտնեց. «Տիեզերական մակարդակով այս ժողովը պատմական անհրաժեշտութիւն է մեզ համար: Մենք չունենք սոցիալիստական ընդդիմութիւն, որն անհրաժեշտութիւն է: Եւրոպական պետութիւնների առաջ այսօր խնդիր է դրուած մշակել 21րդ դարի սոցիալիստական նոր մեքենան»:
Իսկ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի կարծիքով, ՀՀ իշխանութիւնները չեն տիրապետեր իրական ընկերվարական գաղափարներու. «Լինի իշխանութիւն, թէ ոչ, եթէ անձը չի ընկալում, ապա նրան պէտք է ասել, իսկ եթէ ընկալում է եւ չի ցանկանում քայլ անել՝ նրան պէտք է հեռացնել», ըսաւ ՀՅԴ պատգամաւորը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.