ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Կիրակի, Մարտ 28ին, երեկոյեան ժամը 8էն 9ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ ուղղակի պատկերասփռուող զրոյց մը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան պիտի խորհրդակցին բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մասին, եւ պիտի պատասխանեն ունկնդիրներու հարցումներուն:
«Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուելիք զրոյցին ձեր հարցումները կարելի է նաեւ համացանցին միջոցաւ ղրկել, մինչեւ Մարտ 26, կ.ե. ժամը 5, townhall@anca.org հասցէին:
Զրոյցը պիտի սփռուի «Charter Digital»ի 285րդ կայանէն՝ Կլենտէյլի, Պըրպենքի ու Լա Քրեսենթայի մէջ: Անոր կարելի է հետեւիլ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային կայքէն՝ www.anca.org, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի կայքէն՝ www.horizonarmeniantv.com ու «Հայրենք»ի կայքէն՝ www.hairenik.com:
Մարտ 2009ին, Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած թիւ 252 բանաձեւը, որ արդէն իսկ վաւերացուած է Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, ներկայիս ունի 141 քոնկրեսական հովանաւոր: Անոր զուգահեռ, Ծերակոյտին ներկայացուած բանաձեւը ապահոված է 14 ծերակուտականներու հովանաւորութիւնը:
Բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմած www.anca.org/endthegagrule համացանցային կայքէջը: