«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբէն (Էյ.Էն.Սի.ՓԱՔ) ստացած ենք ստորեւ ներկայացուած պաշտօնական յայտարարութիւնը՝ 43րդ ընտրատարածքի արտահերթ ընտրութիւններու գծով դրսեւորուած բացասական երեւոյթներուն մասին: Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
«Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը իր յուսախաբութիւնը կը յայտնէ 43րդ ընտրատարածքի արտահերթ ընտրութիւններուն ներկայացած թեկնածուներու փոխադարձ վարկաբեկումներուն վրայ հիմնուած ընտրարշաւին կապակցութեամբ, որոնց մէջ կը փորձուի ներքաշել նաեւ Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը՝ անոր դէմ անհիմն ամբաստանութիւններ կատարելու ճամբով:
Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը կը յորդորէ բոլոր թեկնածուները զսպուածութիւն ցոյց տալ եւ ետ կանգնիլ վարկաբեկիչ ընտրարշաւ յառաջ տանելէ՝ իրենց ճիգն ու եռանդը կեդրոնացնելով հարցերու շուրջ բանավէճեր ունենալու վրայ:
Ցեխարձակումի եւ փոխադարձ վարկաբեկումի վրայ հիմնուած ընտրարշաւը խոտոր կը համեմատի ժողովրդվարական գործընթացին, եւ արդիւնաւէտ չի կրնար ըլլալ: Ընդհակառակը, այդ ոճը պատճառ կը դառնայ, որ աւելի քիչ թիւով քուէարկողներ ընտրութեան մասնակցին եւ հետեւաբար պատճառ կը դառնայ, որ մեր համայնքի անդամները հեռու մնան քաղաքացիական յանձնառութիւններէ: Ժողովրդավարական գործընթացը յառաջ տանելու համար, ընտրողները շահագրգռուած են, որ թեկնածուները զիրենք տեղեակ պահեն, թէ ինչպէ՞ս կը մտադրեն լուծել համայնքի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանեն ընտրողներուն շահերը:
Քուէարկողները ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար, պէտք ունին թեկնածուներու սպառիչ բացատրութիւններուն, որոնք պիտի պարզաբանեն, թէ թեկնածուները 43րդ ընտրատարածքի բնակչութեան շահերը ինչպէս պիտի պաշտպանեն Սաքրամենթոյի մէջ»: