ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ուրբաթ, Մարտ 26ին, մինչ Իսրայէլի կառավարութիւնը արտակարգ ժողովի մը ընթացքին կը քննէր, թէ ի՞նչ քայլերու կարելի է դիմել Պաղեստինեան իշխանութեան հետ բանակցութիւնները վերակենդանացնելու համար, իսրայէլեան մամուլը շեշտը դրած էր գրեթէ մէկ շաբթուան այցելութենէ ետք Իսրայէլ վերադարձած վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նկատմամբ Սպիտակ տան ցուցաբերած անսովոր վերաբերմունքին վրայ: Իսրայէլեան մամուլը վարկաբեկիչ համարած է վարչապետին նկատմամբ Սպիտակ տան վերաբերմունքը՝ մատնանշելով, որ նոյնիսկ լուսանկարիչներու մուտքը արգիլուած էր նախագահ Պարաք Օպամայի ու վարչապետին միջեւ համդիպման ընթացքին, աւելցնելով, թէ Օպամա կէս ձգած է հանդիպումը, երբ վարչապետը մերժած է գրաւոր երաշխիք մը տալ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը կասեցնելու կապակցութեամբ:
Ամերիկացի քոնկրեսական մը, որ Նեթանիահուի հետ խօսած է՝ Օպամայի հետ անոր հանդիպումէն ետք, ըսած է, թէ Օպաման՝ «Միայն եթէ նորութիւն ունիս ըսելիք, հետս խօսիր», ըսած է Իսրայէլի վարչապետին, որ Հինգշաբթի օր Իսրայէլ վերադարձաւ:
Այլ աղբիւրի մը համաձայն, վստահութեան մակարդակը այնքան նուազած է, որ Նեթանիահու մերժած է Սպիտակ տան տրամադրած հեռաձայնային գիծը գործածել՝ իր խորհրդականներուն հետ խօսելու համար ու նախընտարծ է այդ խորհրդակցութիւնը աւելի ուշ կատարել, Ուաշինկթընի մօտ Իսրայէլի դեսպանատունէն:
Իսրայէլացի մեկնաբաններ նաեւ յատկանշական կը համարեն այն իրողութիւնը, որ Օպամա Իսրայէլի նման մօտիկ դաշնակից երկրի մը վարչապետը պաշտօնական ընթրիքի չէ հրաւիրած:
«Վարչապետը Ամերիկայէն կը հեռանայ վարկաբեկուած, մեկուսացած եւ աւելի տկարացած», կը գրէ «Հաարեց»՝ աւելցնելով, որ այս իրողութեան գլխաւոր պատասխանատուն նոյնինքն Նեթանիահուն է, որ կը մերժէ Ուաշինկթընի հետ գործակցիլ:
Մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Իսրայէլի վարչապետը Ուաշինկթընի հետ ճակատելով՝ ընտրած է երկու չարեաց փոքրագոյնը, որովհետեւ ան այլապէս պիտի պարտադրուէր ճակատելու իր համախոհական կառավարութեան պահպանողական թեւին հետ: