ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Մարտ 24ին աւարտած է «ԱրմՄոնօ» միջազգային 8րդ փառատօնը, որուն ծիրէն ներս ցուցադրուած է 18 ներկայացում։
Նոյն օրը կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, փառատօնի տնօրէն Մարիանա Մխիթարեան յայտնած է, թէ «ԱրմՄոնօ»ն այս տարի յաջողութիւններ արձանագրած է յատկապէս հայաստանեան մասնակիցներու ելոյթներուն գծով։
«Փառատօնն արդէն կայացած է մեր հանրապետութիւնում, անցկացուեց 8րդ անգամ եւ շատ հանդիսատեսներ ունեցաւ», ըսած է տնօրէնը, որ կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, թէ հայ դերասանները իրենց ներկայացումները ընտրած էին ժամանակակից հայ գրողներու թատերգութիւններէն։
Դերասան Արմէն Սանթրոսեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ նշեալ ժանրին մէջ այս փառատօնին կազմակերպումը շատ կարեւոր է հայկական թատերական դաշտին համար, քանի որ անիկա հնարաւորութիւն կու տայ համալիր կերպով դիտելու եւ ծանօթանալու նաեւ արտասահմանէն ժամանած դերասաններու ներկայացումներուն, հետեւելու անոնց օգտագործած հնարքներուն եւ բեմադրութեան: «Այնուամենայնիւ, ես կարող եմ ասել, որ այս փառատօնի շրջանակներում հայկական մոնօ-ներկայացումները ոչնչով չեն զիջում արտասահմանեան բեմադրութիւններին, նոյնիսկ աւելի լաւն են», յայտնած է ան:
Նշենք, որ փառատօնի օրերուն Երեւան գտնուած են փառատօներու ղեկավար տնօրէններ Լեհաստանէն, Գերմանիայէն եւ Ուքրանիայէն:
Փառատօնը իրականացած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: