Սիրելի ընթերցող՝ Պատանի Ասպարէզի,
Ահա հասաւ գարունը։
Վստահ եմ բոլորդ ուրախ էք, որ կը դիմաւորէք այս գեղեցիկ եղանակը, երբ օրերը կ՛երկարին, օդը կը տաքնայ, ծաղիները կը ծաղկին եւ դուք ալ Ծաղկազարդին ու Ս. Զատկուան առթիւ կը վայելէք գարնան ձեր արձակուրդը։
Պատանի Ասպարէզի այս թիւը մասամբ կը յատկացնենք քրիստոնէական այս մեծ տօնին։ Իսկ մեր անգլերէն բաժինով, վերաքաղ մը կ՛ընենք հայոց պատմութեան սեւ էջերուն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական եղելութիւններուն մասին հարցումներու պատասխանելով։
Կը ներկայացնենք նաեւ Ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտ մը, որ մեծ աշխատանք թափած է աշխարհին ծանօթացանելու համար հայկական ցեղասպանութիւնը։
Վերջապէս, յոյսով եմ, որ իբրեւ հայ պատանի, այս տարի մասնակից պիտի ըլլաս Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչման։
Բարեւներով՝
Ալին
——————————————————————————————————————
Շուտով Ս. Զատիկ Է
Այս տարի Ծաղկազարդը պիտի տօնենք Մարտ 28ին, իսկ Ս. Զատիկը պիտի տօնենք Ապրիլ 3ին։
Ս. Զատիկը՝ Յիսուսի Յարութեան օրը, մեր մեծագոյն տօներէն մէկն է։ Այդ օրը առաւօտեան, քրիստոնեաները եկեղեցի կ՛երթան։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ժողովուրդը իրարու կը փոխանակէ հետեւեալ խօսքերը. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց», «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի», որոնք յոյս կու տան բոլոր հաւատացեալներուն, թէ բոլոր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։
Այս տօնի աւանդութիւններէն ամէնէն գլխաւորը գոյնզգոյն հաւկիթներ ներկելն է։ Չմոռնաք, որ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի թափած կարմիր արեան։
Հայկական գիւղերու մէջ, փոքրիկները երբ կ՛այցելէին իրենց ազգականներուն, դրացիներուն կամ ծանօթներուն, անպայման հաւկիթ կը ստանային, իբրեւ սիրոյ արտայայտութին:
——————————————————————————————————————
Գիտէ՞ք Թէ…
Զատկաճճին իր պատեանին վրայ ունի եօթը կէտեր։
Ամէնէն սովորական զատկաճճին ունի երեք սեւ կէտեր իւրաքանչիւր կարմիր թեւին վրայ, եւ առաւել կէտ մը՝ իր պատեանին մէջտեղը։
Գոյութիւն ունին նաեւ զատկաճճիի տեսակներ, որոնք իրենց պատեանին վրայ ունին երկու, հինգ, տասնչորս, նոյնիսկ քսաններկու թէ քսանչորս կէտեր։
———————————————————————————————————————-
Հանելուկներ
Ի՞նչ տեսակ գնդակ է այդ
դուրսը արծաթ,
մէջը ոսկի
եթէ զարնես
կը փշրուի։
Գարնան ծնած,
կարմիր գնդիկ
կէտեր վրան
թեւեր վրան։
Երկու ոտքով կը կաղայ
Բայց ան շատ լաւ կը լողայ։
Հանելուկ պատասխաններ
1-Հաւկիթ
2-Զատկաճճի
3- բադ: