«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի, Մարտ 29ի ուշ երեկոյեան, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ «Իրադարձութիւնները Հայաստանի մէջ 1915-1917 թուականներուն» թեմայով քննարկում։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած քննարկման սկիզբը պարոնուհի Քոքս ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը, ժամանակի բրիտանացի եւ միջազգային գործիչներու արձագանգը սոյն դէպքերուն, եւ Բրիտանիոյ ունեցած փաստաթուղթերը՝ դարասկիզբի հայկական ջարդերուն մասին։ Ան կոչ ուղղած է Բրիտանիոյ կառավարութեան միանալու քաղաքակիրթ ազգերուն, որոնք արդէն իսկ ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Անոր կեցուածքին սատարող ելոյթներ ունեցած են Լորտերու պալատի քանի մը անդամներ։
Ի պատասխան պարոնուհի Քոքսի հարցադրման, պարոնուհի Կլենիս Քինոք, որ Լորտերու պալատին մէջ կը ներկայացնէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտարարած է. «Բրիտանական կառավարութիւնը կը յիշէ դարասկիզբի ցաւալի դէպքերը, սակայն չի կրնար առնել որեւէ քայլ, որ պիտի խոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման»։ Ան հաւաստած է, որ կառավարութիւնը խորապէս կը ցաւի «հարիւր հազարաւոր հայերու համար, որոնք մահացած են սովէն ու համաճարակներէն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին սկիզբը»:
Քինոկ նշած է, որ Մեծն Բրիտանիան կը խրախուսէ Թուրքիոյ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել հարեւաններու հետ, քանի որ այդ մէկը Եւրոմիութեան անդամակցելու պահանջներէն մէկն է:
Պարոնուհի Կլենիս Քինոկ յայտնած է նաեւ, որ հայ բնակչութիւնը ոչնչացուած է ամենադաժան եւ բարբարոսական միջոցով, եւ ատիկա եղած է մարդկութեան ու հայութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն: «Այդ իրադարձութիւնները չեն կրնար մոռցուիլ, բայց հայերը պէ՛տք է առաջ ընթանան: Հայերն ու թուրքերը պէտք է ապրին յանուն ապագայի: Անոնք ստորագրած են հաշտութեան վերաբերեալ դիւանագիտական արձանագրութիւններ, բայց այդ գործընթացը փակուղի մտած է՝ հակառակ ԱՄՆի կողմէ ճնշումներուն:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ արձանագրութիւնները, երբ անոնք վաւերացուին Թուրքիոյ կողմէ: Եթէ Թուրքիան ողջամիտ ժամկէտներու մէջ չընէ ատիկա, ապա Հայաստանը պիտի հրաժարի ստորագրութենէն: Իշխանութիւնները պէտք է աշխատին եւ վաւերացնեն արձանագրութիւնները՝ հնարաւորինս շուտ: Երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով որոշ յաջողութեան մը հասնելէ ետք, Էրտողան կը սպառնայ վտարել այն 100 հազար հայերը, որոնք ապօրինի կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամ դառնալու հեռանկարը կը ստիպէ անոր փոխել իր դիրքորոշումը՝ կառուցողական իմաստով, եւ ուսումնասիրել իր անցեալը», ընդգծած է ան՝ կոչ ընելով ազատ պատմական քննարկում ծաւալելու:
Քարոլայն Քոքս, իր կարգին հաստատած է, որ արդէն ժամանակն է ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս նկատի առնելով, որ այս տարի կը լրանայ անոր 95րդ տարելիցը: Անոր կարծիքով, թրքական ներկայ իշխանութիւնները կը ժխտեն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած են հայերու զանգուածային կոտորածներ, ու անոնք դէմ են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է դադրին խեղաթիւրելէ պատմութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նշանակէ հրաժարիլ պատմական ճշմարտութենէն: Իրական փաստերէն հրաժարումը կը վկայէ, որ Ցեղասպանութիւն, իսկապէս, եղած է: Այդ իրադարձութիւնները չեն մոռցուիր մարդկութեան կողմէ, քանի որ սպաննուած է ամբողջ ժողովուրդ մը, ներառեալ՝ կանայք եւ երեխաներ: 1915ի գարնան հայերը տեղահանուած են, իսկ տղամարդիկ առանձնացուած ու սպաննուած են:
Ցեղասպանութեան ժխտումը անպատժելիութեան կը տանի: Ժխտման քաղաքականութիւնը յանգած է մշակոյթի ոլորտին մէջ հայկական քաղաքակրթութեան ոչնչացման, ներառեալ՝ նաեւ ԼՂՀի: Ակնյայտ է, որ իրականացած են ցեղային զտումներ: Ամէն տարի հայերը իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ժխտման քաղաքականութիւնը սպառնալիքի տակ կը դնէ ողջ աշխարհը», ընդգծած է պարոնուհի Քոքսը:
Ելոյթ ունեցող շարք մը այլ խորհրդարանականներ, իրենց կարգին նշած են, որ 1915ին թրքական կառավարութիւնը ծրագրած է հայերու զանգուածային սպանութիւններ, որոնք հանդիսացած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն աւարտը: «Թուրքիան կրնար ներողութիւն խնդրել Հայաստանի կառավարութենէն՝ հետապնդելուն եւ աքսորելուն համար այն գրողները, որոնք գրած են ճշմարտութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած այդ սարսափելի դէպքերուն մասին», յայտարարած են անոնք:
Լորտերու պալատին մէջ հնչած են նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ կարծիքներ: Այդ ուղղութեամբ ելոյթ ունեցողներէն մէկը յայտարարած է, որ «Նպատակայարմար չէ մանրամասնօրէն կանգ առնելը 100ամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւններուն վրայ: Շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար լուծել ԼՂ խնդիրը, եւ ոչ թէ քննարկել, թէ ի՞նչ եղած է 100 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Մեծն Բրիտանիան պէտք է յիշէ, որ Քեմալ Աթաթուրքը եղած է իր դաշնակիցը եւ մենք շնորհակալ ենք անոր, որ Թուրքիան մասնակցած է Եւրոպայի ազատագրման: Այդ պատճառով, ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չվանենք մեր թուրք դաշնակիցները, նկատի առնելով այն փաստը, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի համապատասխան յանձնաժողովը կողմ քուէարկած է այդ բանաձեւին»:
Աւարտին, պարոնուհի Քոքս, որ Լորտերու պալատի հայկական խորհրդարանական խմբակի նախագահն է, խոստացած է շարունակել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը, մինչեւ կարելի ըլլայ զայն քուէարկութեան դնել: