ՊԵՐՃ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: Մենք յաղթեցինք Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ: Թեկնածուներու խումբ մը, որուն մէջ ընդգրկուած ոչ-հայ քուէարկողներուն մօտ համակրանք ներշնչող ամերիկահայ մը՝ Քրիսթինա Խանճեանը, յաղթական դուրս եկաւ Մեծն Կրիֆիթ Փարքի Թաղային խորհուրդի ընտրութիւններէն: Կը շնորհաւորենք Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Կը շնորհաւորենք Լոս Ֆելիզի թեկնածուներու խումբը, որ միացեալ ցանկով ներկայացած էր ընտրուեան:
Այս տարուայ Հոլիվուտի եւ անցեալ տարուան Կլենտէյլի ընտրութիւններէն դասեր քաղեցի՞նք արդեօք, հասկնալու համար թէ ի՞նչ պէտք է ընել՝ աւելի լաւ ներկայացնելու համար 43րդ Ընտրատարածքի հայերը: Պիտի անդրադառնա՞նք ժողովրդային լայն խարիսխի մը կազմութեան կարեւորութեան, որուն շնորհիւ հնարաւոր պիտի դառնայ տարբեր ազգութեանց պատկանող փոքրամասնութիւններու քուէները ապահովել հայազգի թեկնածուին համար:
Մենք պիտի կարենա՞նք ամերիկահայ մը վերընտրել 43րդ Ընտրատարածքի աթոռին համար:
Շաբաթ, Մարտ 20, 2010, Փոքրիկ Հայաստանի թաղամասը իր մէջ ունեցող Մեծն Կրիֆիթ Փարք Թաղային ընտրատարածքին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն մը, ուր իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցած էին 10 ենթա-ընտրատարածքներէ 23 յաւակնորդներ: Աւելի քան 1300 քուէարկողներ մասնակցեցան ընտրութեան: Ասիկա մասնակցութեան թիւի աննախընթաց ցուցանիշ էր՝ ամբողջ քաղաքին չափանիշներով:
Տիկին Խանճեան ուզեց ներկայացնել տնտեսապէս, ազգային առումով եւ քաղաքականապէս տարբեր տարրերէ կազմուած համայնքը: Ան աշխատեցաւ Կրիֆիթ Փարք Թաղամասին մէջ ապրող հայ եւ ոչ-հայ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, տեղւոյն բնակիչներուն եւ գործարար շրջանակին հարցերուն գործնական լուծումներ գտնելու համար:
Անցեալ մի քանի շաբաթներուն ես եւ մի քանի ուրիշներ յօդուածներ գրեցինք այն յոյսով, որ 43րդ Ընտրատարածքի ընտրողները կրկին հայ մը ընտրեն Փօլ Գրիգորեանի թափուր ձգած աթոռին:
Երեք թեկնածուներ կան, որոնք կը ձգտին Ապրիլ 13ի արտահերթ ընտրութեան ներկայացնել Դեմոկրատ կուսակցութիւնը: Այս երեքէն երկուքը կը վայելեն հայ համայնքի զօրկցութիւնը, իսկ մէկը՝ ոչ: Այդ երկու թեկնածուներն են՝ Նայիրի Նահապետեանն ու Շահէ Քէօրողլեանը: Միւս կողմէ երկու թեկնածուներ կը վայելեն ոչ-հայերու լայնատարած զօրակցութիւնը, իսկ մէկը՝ ոչ: Այս երկու թեկնածուներն են՝ Նայիրի Նահապետեանն ու Մայք Կաթթօ:
Երեք թեկնածուներն ալ լաւ անձեր են՝ իրենց արձանագրած յատկանշական ծառայութիւններով, այն աշխարհագրական տարածքին մէջ, զոր կ՛ուզեն ներկայացնել: Երեք թեկնածուներն ալ կը հասկնան, որ մէկը չի կրնար 43րդ Ընտրատարածքի ներկայացուցիչ ընտրուիլ առանց լայն շրջանակներու զօրակցութեան: Լայն շրջանակներու զօրակցութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է հասնիլ անոնց, եւ ապացուցել, որ անցեալին արդիւնաւէտօրէն համագործակցած ես իրենց հետ՝ իրենց շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր: Իրականութիւնը այն է, որ միայն մէկ թեկնածու շփուած է օտար շրջանակներուն եւ կը վայելէ անոնց զօրակցութիւնը:
Ահաւասիկ, այստեղ է որ Հոլիվուտի վերջին ընտրութեանց փորձառութեան հետ զուգահեռներ կարելի է գտնել:
43րդ ընտրատարածքին մէջ 32.000 հայեր արձանագրուած են ու կրնան քուէարկել: Ընտրարածքի մէջ արձանագրուած քուէարկողներու ընդհանուր թիւը կ՛անցնի 200,000ը: Հետեւաբար, տոկոսային իմաստով, հայկական քուէով առանձին անկարելի է թեկնածուի մը յաղթանակը ապահովել:
Ոչ-հայ շրջանակներու նեցուկը կրնայ ապահովել այն թեկնածուն, որ աշխատած է համայնքի բոլոր հատուածներուն հետ եւ հաղորդակցած անոնց հետ: Կը ցաւիմ ըսելու, որ պրն. Կաթթօն շատ քիչ ճիգ թափած է հաղորդակցելու հայ համայնքին հետ՝ սիրաշահելու համար անոր քուէները: Ան երբե՛ք հայերէնով նամակներ չէ ուղարկած տեղի բնակիչներուն: Ան ծանուցումներ չդրաւ հայկական թերթերէու մէջ, ոչ ալ հայկական հեռատեսիլի յայտագիրներէ ելոյթներ ունեցաւ: Ան չմասնակցեցաւ Միացեալ Հայ Երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած թեկնածուներու «ֆորում»ին: Ան ցոյց չտուաւ, որ մեր քուէները կ՛ուզէ: Թերեւս Կաթթօ մտածեց, որ Շահէ Քէօրողլեանի թեկնածութիւնը բաւարար է հայկական քուէն կիսելու միեւնոյն ատեն նուազեցնելու քուէարկութեան մասնակցող հայերու թիւը:
Պրն. Քէօրողլեան շատ քիչ յաջողութիւն արձանագրած է ոչ-հայերու զօրակցութիւնը ունենալու համար: Ես շատ մօտէն կը հետեւէի իր ընտրապայքարին եւ այնպէս չի թուիր, որ ան իր սահմանափակ միջոցներէն բաժին մը տրամադրած ըլլայ ոչ-հայերու քուէն ստանալու աշխատանքին:
Մինչ այդ, Նայիրի Նահապետեանը լայն շրջանակներու նեցուկն ու զօրակցութիւնը ապահոված է: Ան ունի ոչ-հայ, ազդեցիկ շարք մը կազմակերպութիւններու զօրակցութիւնը: Նայիրիին իրենց նեցուկը յայտարարած են ուսուցիչներու, կիներու եւ արհեստակցական միութիւններ: Ան գումարներ հանգանակած է մեծաթիւ զօրակցողներէ եւ այդ հիմնադրամը օգտագործած է հաղորդակցելու համար ոչ-հայ, ինչպէս նաեւ հայ քուէարկողներու հետ: Ան արտայատած է այնպիսի տեսակէտներ եւ կեցուածքներ, որոնք կը բխին ընտրատարածքի բնակիչներու լայն խաւի սպասումներէն:
Կասկած չկայ: Երկու հայ-ամերիկացի թեկնածուներէն Նայիրին է, որ ընտրուելու յոյսը ունի: Պրն. Քէօրողլեանը պիտի ընդունի՞ իրականութիւնը եւ դուրս գալով ընտրութիւններէն պիտի նպաստէ հայկական քուէն մէկ թեկնածուի շուրջ կեդրոնացնելու նպատակին: Դժբախտաբար, առայժմ, այդպէս չի թուիր: