«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը փորձէ կապեր գտնել անցեալ Ուրբաթ, Մարտ 26ի գիշերը, Փոքրիկ Հայաստանի Լեկզինկթըն թաղամասի 5800 թիւով հատուածին վրայ կայացած 38ամեայ Կարինէ Յակոբեանի սպանութեան եւ Դեկտեմբեր 11, 2008ին, այս ոճիրէն քանի մը թաղ անդին կայացած հայազգի հօր մը եւ անոր ութնամեայ աղջնակին սպանութեանց միջեւ:
Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, Ուրբաթ օրուան մարդասպանութեան զոհ գացած Կարինէն կինն է 2008ի Դեկտեմբերին սպաննուած Խաչիկ Սաֆարեանին եւ մայրը՝ Լուսին Սաֆարեանին: Այդ ոճիրներուն պատասխանատուները ցարդ չեն բացայայտուած:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ ոստիկաններ կը խօսին երեք մարդասպանութեանց միջեւ կապերու մասին, սակայն ցարդ կը մերժեն մանրամասնութիւններ բացայայտել: Միաժամանակ, ոստիկանութիւնը կը շեշտէ, թէ կասկածներ չկան, որ 2003ին Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած զոհերը ապօրինի գործունէութիւն մշակած են:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Կարինէին դիակը անոր ինքնաշարժին մէջ յայտնաբերած է անոր 14ամեայ դուստրը:
Անոնք, որոնք այս մասին տեղեկութիւններ ունին, կրնան դիմել ոստիկանութեան՝ (877) LAPD-24-7 թիւով: Անոնք, որոնք չեն փափաքիր իրենց ինքնութիւնը բացայայտել, կրնան դիմել (800) 222-8477 թիւին: