ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շաբաթ, Մարտ 20ին կայացած Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայ թեկնածուներն էին Քրիսթինա Խանճեան, Սեմ Քպուշեան եւ Շահան Սիւզմէյեան, որոնք դարձան Մեծն Կրիֆիթ Փարքի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու անդամ:
Ըստ ոչ վերջնական տուեալներու, Քրիսթինա Խանճեան Մեծն Կրիֆիթ Փարքի թաղային խորհուրդի Բ. ընտրատարածքին յաղթանակ ապահովեց քուէներու յատկանշական առաւելութեամբ մը: Ըստ նոյն տուեալներուն, ան ընտրութեանց ընթացքին երրորդ ամենաշատ քուէ ստացող թեկնածուն էր: Այս շրջանին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի նեցուկը վայելող ինը միւս թեկնածուները եւս ընտրուեցան եւ մասնակցութեան համեմատութիւնը նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
«Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ուզէ շնորհաւորել Քրիսթինա Խանճեանն ու յաղթանակ արձանագրած բոլոր թեկնածուները, եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մօտէն աշխատելու Մեծն Կրիֆիթ Փարքի թաղային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ յատկանշական թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող այլ շրջաններու թաղային խորհուրդներուն հետ», կը յայտնէ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի Համայնքային յարաբերութեան բաժնի պատասխանատու Էլի Մենունու:
Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի ընտրութեանց յաղթանակ արձանագրեցին չորս հայ թեկնածուներէն երկուքը՝ Սեմ Քպուշեան եւ Շահան Սիւզմէյեան, կը յայտնէ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռոստոմ Սարգիսեանը, որ ցաւ կը յայտնէ այն բանին համար, որ կարելի չէ եղած ապահովել Լուսի Վարպետեանին եւ Էտկար Մախշիքեանին ընտրութիւնը, միաժամանակ կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ յաջորդ ընտրութեանց, աւելի մեծ թիւով մասնակցութեամբ՝ մեր ձայնը լսելի դարձնենք: «Եթէ չքուէարկենք, ապա պիտի կորսնցնենք մեր ձայնը», կ՛եզրակացնէ Սարգիսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.