ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Հայ օգնութեան միութեան մեծ ընտանիքը, ընթացիկ օրերուն մեծ մաշտապով ծրագիրներ կը մշակէ՝ արժանավայել կերպով տօնախմբելու իր հարիւրամեայ ծնունդն ու գործունէութիւնը, որոնց ընթացքին նաեւ տեղական մասնաճիւղերը կը փորձեն կատարելագործել աւանդական եւ տարեկան իրենց ծրագիրները։

Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբ մը, երկար շաբաթներու ծրագրաւորումէ եւ աշխատանքէ ետք առիթը ունեցան համախմբելու ՀՕՄի աւելի քան 125 համակիրներ, բարեկամներ եւ ընկերուհիներ, որոնք միասնաբար, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ վայելեցին Մեծ Պահոց Միջինքը, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 7, 2010ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00ին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ: Ընթացքին հրամցուեցան պահքի համադամ ճաշեր եւ ներկայացուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:
Ձեռնարկին պաշտօնապէս կը մասնակցէին շրջանիս «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄի եւ «Րաֆֆի» ռումանահայ միութեան ներկայացուցիչներ։
Օրուան հանդիսավար Մայտա Շահինեանը բարի գալուստ մաղթելէ եւ ամփոփ ձեւով օրուան խորհուրդը փոխանցելէ ետք, հրաւիրեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը՝ օրհնելու համար սեղանները: Ան օրհնելէ ետք օրուան ճաշկերոյթը, փոխանցեց իր սրտին խօսքն ու պատգամը, որոնց ընդմէջէն շնորհաւորեց աշխարհացրիւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի 100ամեայ նուիրական ծառայութիւնը՝ բարձր գնահատելով ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած ու անոր գոյատեւման սատարող ՀՕՄուհիներն ու բարերարները, ապա յարատեւ յաջողութիւններ մաղթեց ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն ի տես:
Օրուան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի արուեստագէտներ Սարել Ազայեան՝ հայկական ազնուաշունչ մեներգներով, եւ Անդրանիկ Սողոմանեան՝ իր ոգեշունչ ասմունքներով, որոնք վառ պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնները։
Բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ Միջինքի խրախճանքը, որուն միջոցին հանդիսավարը վարչութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւններ փոխանցեց ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին եւ վարչական ընկերուհիներուն, որոնք հովանաւորած էին օրուան ճաշատեսակներն ու մատակարարութիւնը։
Անգամ մը եւս, Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի Մեծ Պահոց միջինքի ձեռնարկով համախմբուեցան քրիստոնէական հաւատքով ու ՀՕՄի բարեսիրական աշխատանքներով լեցուած հայ ընտանիքներ՝ միասնաբար դիմաւորելու Ս. Յարութեան տօնը:
Ձեր վարձքը կատար, նուիրեալ կամաւորներ եւ ազնիւ բարերարներ։