Լուսանկարը՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»էն
Արեւմտեան Հոլիվուտի Մելռոզ պողոտային վրայ, արժանթինեան «ընտանեկան» բոյն մը հիւսուած է եւ կը գոյատեւէ 1990ականներէն ի վեր. այն է՝ «Քարլիթոս Կարտել» ճաշարանը:
Արժանթինէն Լոս Անճելըս գաղթած Քարլոս Պօզօղլեանի ընտանիքը, տարուած իրենց ծննդավայրի հարուստ խոհանոցի կարօտով՝ կը հիմնեն «Քարլիթոս Կարտել» ճաշարանը, արժանթինցի հանրաճանաչ «թանկօ»ի երգիչ Քարլոս Կարտելի անունով:

Շատ արագ, այս ընտանեկան հաստատութիւնը շրջապատին ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր որակաւոր, հարազատ արժանթինեան համեղ եւ հարուստ, բայց աժան ճաշատեսակներով:
Այս տարուան Մարտ 18ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի թիւին մէջ թղթակից-յօդուածագիր Այրին Վիրպիլա, «Քարլիթոս Կարտել» ճաշարանը այցելելէ ետք գրած է գունագեղ յօդուած մը, որուն մէջ կը նկարագրէ իր յատուկ փորձառութիւնը՝ ճաշարանի հաճելի մթնոլորտը եւ որակաւոր ճաշատեսակները վայելելու:
«Մայր Ազնիւ Պօզօղլեանը (անունը հայկական է) կը վարէ խոհանոցը, եւ անոր եփածը աւելի շատ արժանթինեան հարազատ տան ճաշ է, քան՝ պերճաշուք ճաշարանի գործ: Տղան՝ Մաքսը, գինիի ջերմեռանթ սիրող մըն է: Ան ի մի բերած է Արժանթինի մատուցած գինիներու ընդարձակ ցուցակ մը՝ ֆրանսական եւ իտալական գինիներու կարգ մը պիտակներուն կողքին: Իսկ միւս տղան՝ Ժերարտը, ճաշասրահէն ներս ջերմ ներկայութիւն մըն է», կը գրէ ան, ապա կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Եւ շաբաթավերջին, ամբողջ ընտանիքը հոն կ՛ըլլայ, ներառեալ ընտանիքի հայր Քարլոսը, որ կ՛աշխատի «պար»ի ետին եւ կը գրէ նաեւ «չէքեր»ը: Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, երաժիշտ մը, որ ատենօք անդամ եղած է Մոսկուայի «ֆիլհարմոնիք»ին «Կոկա» ծածկանունով, սրահի խորը զետեղուած դաշնակի ետին, թանկոյի հին նուագներով կը հրապուրէ սրահը»:
Ա. Վիրպիլա, շատ գոհ եւ երջանիկ իր այցելութենէն՝ «Քարլիթոս Կարտել»ի արժանթինեան տնային բարձրորակ ճաշերուն մասին կ՛արտայայտուի հետեւեալ ձեւով. «Թէեւ ճաշարանի նշանաւոր «Փափաս ֆրիթաս Փրովենցալ»ը ճաշացանկին վրայ է իբրեւ ախորժաբեր, սակայն սպասէ, որ զայն ապսպրես բուն ճաշին հետ: Մէկ պնակ այս գեղաբոյր, գալարուն տապկուած գետնախնձորի շերտերէն՝ համեմուած սխտորով եւ ազատքեղով, բաւարար է 6 անձի համար: Լոս Անճելըսի մէջ սեղանի ծածկոց օգտագործող ճաշարանները կորսուելու վտանգի մէջ են: Այստեղ, սեղանները հագցուած են ճերմակ ծածկոցներով, որոնք ձայնն ու աղմուկը նուազեցնող ազդակ են, այսինքն՝ կրնաս հանգիստ լսել զրուզակիցդ:
«Տիկին Պօզօղլեան շատ հպարտ է իր պատրաստած անուշեղէններով: Իր յատկանշական «Փոսթըր Կարտել»ը՝ շերտուած դեղձով, «տոլչէ տը լուչէ»ով եւ մրենկով, շատ քաղցր ըլլալու տեսք մը ունի»:
Ճաշարանի ժամերը՝ ճաշ՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, ժամը 11:30էն 2:30, ընթրիք՝ Երկուշաբթիէն Շաբաթ, կ.ե. ժամը 6էն 11: Հասցէն՝ 7963 Melrose Ave., Los Angeles, CA 90046:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ ձեր ձեռնարկներուն համար, հեռաձայնել (323) 655-0891 թիւին կամ այցելեցէք www.carlitosgardel.com: