ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին պատկերասփռուած «Ժողովուրդին հետ զրոյց» կոչուած հերթական ճառախօսութեան մէջ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Իր ելոյթին ընթացքին, Էրտողան դարձեալ խօսած է արխիւները բանալու անհրաժեշտութեան մասին։
Նշելով, որ թրքական բոլոր արխիւները բաց են ուսումնասիրութիւններու համար, Էրտողան ըսած է. «Երրորդ երկիրներու մէջ եթէ կան այդպիսի արխիւներ, ապա թող բացուին, թող ուսումնասիրուին բոլոր փաստաթուղթերը եւ յետոյ միայն քայլ պիտի առնենք»։ Քննադատելով երրորդ երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան մասին վաւերացուող բանաձեւերը՝ Էրտողան հարց տուած է. «Ունի՞ն 1915ի պատահարներուն մասին անհերքելի փաստերու վրայ հիմնուած առարկայական գիտական աշխատանք մը»: Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիան ճնշումներու ենթարկուող երկիր չէ։
«Եթէ այդ պատմական իրադարձութիւնը կողմեր ունի, ապա ատիկա Հայաստանն է եւ Թուրքիան։ Այսօր բոլոր խորհրդարաններու եւ խորհրդարանականներու առաջնահերթ պարտականութիւնը մեր օրերու արիւնածոր վէրքերը արագ դարմանելն է», ըսած է ան։
Էրտողան ընդգծած է, որ Անգարան նպատակադրած է շրջակայ բոլոր պետութիւններուն հետ ջերմ յարաբերութիւններ հաստատել եւ զարգացնել՝ իբրեւ օրինակ մատնանշելով Սուրիան, որուն հետ Թուրքիան մինչեւ վերջերս տարակարծութիւններ ունէր, իսկ այժմ արդէն յատկանշական մերձեցում ունի։ Նմանապէս, Յունաստանի, Իրաքի, Իրանի եւ Վրաստանի հետ կապերը բարելաւուած են:
«Հայաստանի հետ եւս կարելի է նման մերձեցում ապահովել։ Այդ հարցին մէջ մենք որեւէ կանխակալ մօտեցում չունինք։ Սակայն երբ խնդիրին կը խառնուին երրորդ երկիրներ, խոչընդոտներ կը դրուին։ Ստեղծուած լարուածութիւնը բնաւ չի ծառայեր երկխօսութեան», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը՝ մոռնալով, որ Անգարա կը խոչընդոտէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ անոր կապելով Արցախի հարցը:
Միւս կողմէ, «Զաման» օրաթերթը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր, պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք յայտարարած է, որ առայժմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ որոշում չէ տրուած՝ հերքելով մէկ օր առաջ մամուլին մէջ տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ Էրտողան Ուաշինկթըն պիտի մեկնի Ապրիլ 12-13ին՝ մասնակցելու համար հիւլէական ապահովութեան նուիրուած վեհաժողովին։
Չիչեք խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին մասին եւ ըսած. «Թուրքիան իր ստորագրած պայմանագիրի թիկունքին կանգնած է։ Սակայն ներկայիս զարգացումները մեր կամքէն դուրս են։ Անհրաժեշտ է, որ աշխարհը տեսնէ, որ եթէ գործընթացը տապալի, ապա ատիկա ոչ թէ թրքական կողմին, այլ ուրիշին պատճառով է։ Այս գործընթացը փակուղի մտցնելու պատճառներէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.