Անգարայի «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակը, Ապրիլ 24-25ին պիտի կազմակերպէ հայ եւ թուրք մտաւորականներու հանդիպում մը, որուն ընթացքին մտաւորականները պիտի քննեն Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ հայութեան կալուածներու բռնագրաւման եւ վնասուց հատուցում ապահովելու կարելիութիւնները:
Ցարդ հաստատուած մասնակիցներուն մէջ պիտի ըլլան հրատարակիչ եւ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան հիմնադիրներէն Ռակիփ Զարաքօլու, հեղինակ Ռեչեփ Մարաշլը, որ գրած է «Հայ ազգային ժողովրդավարական շարժումը եւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը» հատորը, մարդկային իրաւանց գործիչ եւ գրող Սայիտ Չեթինօղլու, ցեղասպանագէտ դոկտ. Տէյվիտ Կաունթ, իմաստասիրութեան դասախօս (Ուուսթըրի նահանգային համալսարան) փրոֆ. Հենրի Թերիոթ եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սոյն գիտաժողովը բաժնուած է չորս բաժիններու.
ա. Հայկական Ցեղասպանութեան պատմականը.
բ. Պաշտօնական ուրացման քաղաքականութիւնը՝ սկսած Միութեան եւ յառաջդիմութեան յանձնախումբին օրերէն, հասնելով մինչեւ քեմալական տարիները.
գ. Տնտեսութեան թրքացումը եւ հայկական կալուածներու բռնագրաւումը.
դ. Ի՞նչ պէտք է կատարուի եւ ինչպէ՞ս: