ՊՈԼԻՍ.- «Թարաֆ» թերթին մէջ նախանցեալ օր հրապարակուած՝ Տիճլէի նախկին գաւառապետ Նեճաթի Եարտըմճըի հայերէն ներողութիւն հայցող նամակէն ետք, երէկ, «Զաման» թերթի աշխատակից Օրհան Քեմալ Չենքիզ ստորագրած է «Ես բոլոր հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ» վերնագիրով յօդուած մը, ուր գրեթէ ամբողջութեամբ մէջբերած է Եարտըմճըի գրութիւնը. (Տես՝ «Ասպարէզ», Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, երկրորդ էջ):
Չենքիզ ինք եւս դրուագ մը կը պատմէ իր յիշողութենէն.
«Երբ դեռ երեխայ էի, ամառնային արձակուրդներու կ՛երթայինք æեշմէ, որ 100 քիլոմեթր հեռու է Իզմիրէն: Կը մտնես քաղաք, եւ յունական շունչը կը փչէ դէմքիդ: Նեղ փողոցներ, յունական ճարտարապետութեան հին շէնքեր… Բայց ոեւէ յոյն այդ քաղաքին մէջ չ՛ապրիր այլեւս:
«Մայրս պատմութիւն մը կը պատմէր միշտ, ու աչքերը արցունքով կը լեցուէին: Անգամ մը ան æեշմէի մէջ տեսած էր ծեր յոյն զբօսաշրջիկ մը, որ մատներով կը շոյէր տան մը պատերը, կարծես գրկել կ՛ուզէր զանոնք: Մայրս իսկոյն հասկցած է, որ ծեր կինը այդ տան նախկին տէրերէն էր… Այն ժամանակ այդ պատմութեան իմաստը չէի հասկցած»:
Այս յուշերը Չենքիզը կը տանին դէպի թուրք գրող Նազիմ Հիքմեթի տողերը, ուր վերջինս կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս իր ձեռքերը կ՛այրէին, երբ դէպի Թուրքիա գացող նաւուն կը դպչէին իր մատները:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Նազիմ Հիքմեթը «դաւաճան» հռչակած էին՝ իր քաղաքական հայեացքներուն համար. Հիքմեթը վտարանդիի կեանքով ապրած է Պուլկարիա, ապա մեռած ու թաղուած է Մոսկուա:
Յօդուածը կ՛աւարտի Նազիմ Հիքմեթի չափածոյ գրութենէն մէջբերումով մը, որուն բովանդակութիւնը հետեւեալն է.
«Նպարավաճառ Կարապետին լոյսերը կը վառին. հայը չէ ներած իր հօր սպանութիւնը Քրտական լեռներու վրայ, բայց ան կը սիրէ քեզ, որովհետեւ դուն ալ չես ներած անոնք, որոնք սեւցուցած են թուրք ժողովուրդին անունը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.