ՊԸՐՊԵՆՔ.- ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հրանդ Տոսթումեան «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կը տեղեկացնէ, թէ Պըրպենքի Հայ Կեդրոնի համար նախատեսուած շէնքին գնման գործընթացը բարեյաջող կերպով իր աւարտին հասած է:
Պըրպենքի համայնքին ծառայելու կոչուած շէնքը շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ կատարելու իրեն վերապահուած առաքելութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Պըրպենքի հայ համայնքը այս կարեւոր իրագործումին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.