Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին շրջանին ամէն առիթ կ՛օգտագործէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն հանդէպ իր թերահաւատութիւնն ու վերապահութիւնը յայտնելու՝ միեւնոյն ատեն ռազմաշունչ իր սպառնալիքները հրապարակելով:
Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ Ալիեւի վերջին ճառը (Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ), որ հրատարակուած է ատրպեճանական մամլոյ ծառայութեան («Էյ.Փի.Էյ.»ի) կողմէ, բաւական յստակ պատգամ մը կը յղէ առ Հայաստան ու առ շահագրգիռ բոլոր կողմերը. պատգամ մը, ուր կը դրսեւորուի Ատրպէյճանի նախագահին լկտիութեան հասնող ամբարշտութիւնը:
Արդարեւ, Թալինի իր ճառին մէջ, Ալիեւ պատմութեան աղաղակող նենգափոխումով, ոչ միայն կը փորձէ Ղարաբաղի հայկականութիւնը կասկածի ենթարկել, այլ կը խօսի ատրպեճանական մեծահոգութեան մը մասին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ «ազերի Էրիվան» շնորհուած է հայութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստան մը ստեղծել:
Այս ծիծաղելի արտայայտութիւնը անշուշտ կը միտի Ատրպէյճանի անզիջողութիւնը արդարացնելու եւ Ղարաբաղի անկախութեան կամ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ անոր բացարձակ մերժողական կեցուածքը քարոզելու:
Երկու անգամ եւ երկու տարբեր հողատարածքներու վրայ հայերը ինքնորոշուելու իրաւունք չունին, կը յայտարարէ Ալիեւ՝ հնարամիտ ակնարկներ ընելով, թէ նոյն տրամաբանութիւնը կրնայ հայերը մղել, որ, օրինակ, Կլենտէյլի կամ հայկական մէկ այլ գաղութի մէջ եւս անկախ պետականութիւն ստեղծելու յոյսեր փայփայեն անոնք:
Ատրպեճանական այս նոր կարծրութեան ներշնչումը միայն քարիւղի եկամուտներէն չէ, որ կու գայ, վստահաբար: Այդ ներշնչման բուն աղբիւրը այն հզօր հովանաւորութիւնն է, զոր Ատրպէյճան կը գտնէ յանձնիս թրքական իշխանութեանց, որոնք Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւններն ու Կովկասի մէջ կայունութիւնը կը պայմանաւորեն Ղարաբաղեան հակամարտութեան ատրպեճանամէտ լուծումով:
Հայկական պատասխանը այս լկտիութեան՝ Ատրպէյճանի անունն իսկ գոյութիւն չունէր պատմութեան մէջ, երբ կար Հայաստանը՝ իր Արցախով: Ի զուր են ալիեւեան միջամտութիւնները՝ պատմութեան էջերու մէջ, որքա՛ն ալ հզօր ըլլան անոր ներշնչման աղբիւրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.