Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սննդանիւթերու ճարպերը երկու տեսակ են՝
ա.- Յագեցած ճարպ (saturated fat), որ կը գտնուի առաւելաբար կենդանական սննդանիւթերու մէջ։ Կարգ մը բոյսեր՝ արմաւենի, հնդկընկոյզ եւ ոսկեկաղին կը պարունակեն յագեցած ճարպ։ Կենդանական իւղերը ընդհանրապէս կը կոչուին վատ իւղեր։
բ.- Ոչ յագեցած ճարպ (unsaturated fat) ընդհանրապէս բուսական է եւ ան նկատուած է որպէս լաւ իւղ։
Ոչ յագեցած ճարպը ունի երկու ենթատեսակ (subtype)՝
1. Բազմա-ոչ-յագեցած ճարպ (polyunsaturated fat), որ կը գտնուի եգիպտացորենի, սոյայի, արեւածաղիկի, շուշմայի, ձուկի եւ խեցեմորթի (shelfish) մէջ։
2. Միա-ոչ-յագեցած ճարպ (mono-unsaturated fat), որ կը գտնուի ձիթապտուղի եւ քանոլայի մէջ։ Քոլեսթերոլը կը գտնուի կենդանական սննդանիւթերու (nutrient) մէջ։ Բուսական սննդանիւթերը զուրկ են քոլեսթերոլէ։ Հաւկիթին դեղնուցը, կենդանական ներքին օրկանները՝ ուղեղ, լեարդ, երիկամ, ինչպէս նաեւ կաթը, կաթնեղէնները եւ իւղոտ միսը հարուստ են քոլեսթերոլով։
Պսակաձեւ զարկերակներու խցումով սրտի մկանները կը ստանան նուազ արիւն եւ, ուրեմն, կը զրկուին բաւականաչափ թթուածինէ, որ կը յառաջացնէ սրտի մկաններու բջիջային հիւանդագին վիճակ, անգործութիւն եւ մահ։ Այս փոփոխութիւններուն որպէս հետեւանք՝ ի յայտ կու գան զանազան հիւանդագին վիճակներ եւ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Կրծքացաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի ուսերը, թեւերը, վիզը, ծոծրակը, փորը եւ կռնակը։
2. Քրտինք եւ փսխուք։
3. Նուաղում (faint), գիտակցութեան կորուստ։
4. Անակնկալ մահ։
Այս ախտանշաններուն տարողութիւնը կախեալ է խցուած զարկերակներու թիւէն, վայրէն եւ չափէն։
Սրտանօթային խցումը ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներու մօտ՝ առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան. սակայն ան կրնայ պատահիլ տարեցութենէ շատ առաջ։ Կիները մինչեւ որոշ տարիք մը այրերէն համեմատաբար աւելի պաշտպանուած են սրտանօթային հիւանդութիւններէն, որովհետեւ կիները իրենց ձուարաններէն (ovary) կ՛արտածորեն (extrete) estrogen եւ progesteron մղոնները, որոնք կը պաշտպանեն սրտանօթային (cardiovascular) համակարգը. սակայն դաշտանադադարէն ետք այս մղոններու արտահոսումը կը նուազի եւ կիներ, նոյն համեմատութեամբ այր մարդոց նման, ենթակայ կ՛ըլլան սրտանօթային հիւանդութիւններու։
Սրտի զարկերակներու խցումի ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1. Տեսնելով հիւանդին առողջական ընդհանուր կացութիւնը։
2. Կատարելով պարզ սրտագրութիւն (EKG) եւ մարզանքով սրտագրութիւն (Stress Test)։
3. Կատարելով զարկերակներու գունաւոր նկարահանում (angeography)։
4. Կատարելով արեան որոշ քննութիւններ։
Իսկ սրտի զարկերակային խցումի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ զանազան միջոցառումներով՝
1. Որոշ դեղերով, որոնք կը բարելաւեն արեան շրջագայութիւնը՝ արգելք հանդիսանալով պնդերակութեան, զարկերակներուն պատերուն վրայ այտուցներու կազմութեան եւ զարկերակներու անբնական կծկումներուն եւ կամ նօսրացնելով արիւնը։
2. Վիրաբուժական գործողութեամբ՝ զարկերակներու պատուաստում (angioplasty), այսինքն սրտի խցուած զարկերակները կը վիրահատուին եւ կը փոխարինուին հիւանդէն առնուած աւելի առողջ զարկերակներով։
Վիրաբուժական միջամտութիւնը յաճախ կը կատարուի որպէս շտապ միջոցառում՝ փրկելու համար մահամերձ հիւանդը։
Յաճախ հիւանդները հետեւեալ հարցումը կ՛ուղղեն բժիշկին. կրնա՞նք արգելք հանդիսանալ սրտանօթային խցումներուն։
Այո՛, կրնանք՝ պարզապէս գործադրելով հետեւեալ թելադրանքները.
Ա. Հետեւիլ առողջ սննդականոնի, այսինքն՝
1. Ուտել նուազագոյն քանակութեամբ կենդանական իւղ, կարագ, ճարպ եւ մանաւանդ՝ յագեցած ճարպ պարունակող սննդեղէններ։ Ասոնք բոլորը կը նպաստեն թրիկլիսերիտի եւ քոլեսթերոլի բարձրացման։
2. Փոխարինել յագեցած ճարպը (saturated fat) ոչ-յագեցած իւղերով (unsaturated fat)։
3. Ուտել առաւելագոյն չափով բուսական իւղ պարունակող սննդանիւթեր։
4. Գործածել նուազագոյն քանակութեամբ շաքար, ալքոլ եւ աղ։
Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը կը յառաջացնէ արեան թրիկլիսերիտի բարձրացում եւ զարկերակային գերճնշում։ Կարմիր գինիի, չափաւոր քանակութեամբ գարեջուրի եւ ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը կը նպաստէ արեան լաւ քոլեսթերոլի յաւելումին։
Աւելորդ աղը մարմնին մէջ կը յառաջացնէ ջուրի կուտակում (water retention) եւ գերճնշում։
5. Ուտել չափաւոր քանակութեամբ ջերմուժ պարունակող կերակուրներ՝ հեռու մնալու համար ճարպակալումէ։
6. Ուտել քիչ քանակութեամբ հաւկիթի դեղնուց, որ հարուստ է քոլեսթերոլով։
7. Ուտել առաւելաբար հաւկիթի ճերմկուցը, որ զուրկ է քոլեսթերոլէ եւ ճարպէ, բայց հարուստ է բնասպիտով։
Բ. Դաշտանադադարէ ետք կիներ պէտք է գործածեն սեռային մղօններ։ Estrogen մղոնի գործածութեամբ կը նուազի ՑԽՃ-քոլեսթերոլին տոկոսը, կը բարձրանայ ԲԽՃ-քոլեսթերոլին տոկոսը եւ կ՛ընդլայնին զարկերակները։
Գ. Հետեւիլ ամէնօրեայ կանոնաւոր մարմնամարզանքի։
Մարզանքով կը նուազի արեան թրիկլիսերիտը, կը բարձրանայ ԲԽՃը, կը բարելաւուի սրտի ուժականութիւնը եւ զարկերակային գերճնշումը, ինչպէս նաեւ տեղի կ՛ունենայ ծանրութեան կորուստ եւ գերճնշուածութեան բարելաւում։
Դ. Սոնքութեան (obesity) պարագային՝ նիհարնալ։ Ճարպակալումը կը նպաստէ թրիկլիսերիտի բարձրացումին, ԲԽՃ-քոլեսթերոլի նուազումին, զարկերակային գերճնշումի եւ շաքարախտի զարգացումին։ Գիրութիւնը նաեւ պատճառ կը դառնայ սրտի գերյոգնութեան՝ թէ՛ հանգիստի եւ թէ՛ աշխատանքի ընթացքին։
Ե. Չծխել. ծխախոտը կը նպաստէ պնդերակութեան եւ արեան գերճնշումի զարգացման։
Զ. Հակակշռել շաքարախտը։ Շաքարախտը կը նպաստէ թրիկլիսերիտի եւ քոլեսթերոլի բարձրացումին, ԲԽՃի նուազումին եւ զարկերակային գերճնշումին։
Է. Ձերբազատիլ հոգեբանական ճնշուածութենէ. ան կը նպաստէ զարկերակներու պրկումներուն, պնդերակութեան եւ արեան գերճնշումին։
Զարկերակախցումէ պաշտպանուելու համար արեան՝
1. ԲԽՃը պէտք է ըլլայ ՑԽՃի մէկ երրորդը եւ ընդհանուր քոլեսթերոլին առնուազն 30 առ հարիւրը։
2. ՑԽՃը պէտք է ըլլայ 3.4 mmol/L-է պակաս։
3. ԲԽՃը պէտք է ըլլայ 10.mmol/L-է պակաս։
4. Քոլեսթերոլը պէտք է ըլլայ 5.2 mmol/L-է պակաս։
5. Թրիկլիսերիտը պէտք է ըլլայ 2.3mmol/L-է պակաս։
(Շար. 2 եւ վերջ)