ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբին (CASPS) կազմակերպութեամբ կայացող արուեստի գործերու աշակերտական տարեկան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Մարտ 25ին, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի սրահին մէջ:
Այս տարուան արուեստի գործերուն նիւթն էր՝ «Ո՞վ է ձեր ներշնչման աղբիւրը»: Աշակերտներէն ոմանք ընտրած էին զօրավար Վարդան Մամիկոնեանը, Շարլ Ազնաւուրը, Մայքըլ Ճեքսընը, Սերժ Թանքեանը կամ իրենց ընտանեկան պարագաները:
Բոլոր աշակերտներն ալ մասնակցութեան յատուկ վկայագիրներ ստացան, իսկ լաւագոյն գործերը ստացան 200 տոլար մրցանակներ: Տրուեցան նաեւ պատուոյ յիշատակութեան (75 տոլար) ու յիշատակութեան (50 տոլար) մրցանակներ:
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեան, վերահսկիչ Մայքըլ Էսքելանթէ եւ անոր տեղակալ Ռիչըրտ Շիհըն շնորհաւորեցին աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբին՝ իր տարած աշխատանքին համար:
Մրցանքին դատաւորներն էին Քարոլին Թիւֆենքեան, Սիրուն Երէցեան ու Սամուէլ Սաղաթելեան:
Մրցանակներուն գումարը նուիրուած էր Հայ կրթական հիմնադրամին (1700 տոլար) եւ «Արուեստագէտներ՝ երեխաներու համար» կազմակերպութեան (500 տոլար) կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.