
Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը՝ ֆորումը, ծնունդ առաւ 1994ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր. այլ խօսքով՝ ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մը մէջ, տալ անոնց անցեալն ու ներկան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հետ՝ մեր բարդ իրականութիւնը, մշակոյթի արժէքներուն հետ զանոնք պահպանելու կարելիութիւնները:
1994էն 2001, Հաւաքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ: Կազմակերպիչները այն մտայղացումը ունեցան, որ սփիւռքահայ համալսարանականը մօտէն ծանօթանայ հայաշատ այս կեդրոնին եւ տեսնէ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւնը: Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ իր պատմական կարեւորութեամբ, երկու շաբթուան ընթացքին կրթական վայր մը եղաւ համալսարանականներուն համար: Այնտեղ Լ. Շանթի, Աղբալեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Կանաչեանի եւ Զարդարեանի կիսանդրիներու ներկայութեան, ուսանողները անցեալը կամրջեցին ներկային: Ուսանողները նաեւ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը:
2002էն սկսեալ, հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Համալսարանականները մօտէն կը ծանօթանան հայրենիքի կեանքին: Կ՛այցելեն Էջմիածին, կը տեսնեն մշակութային կոթողներ, թանգարաններ, Մատենադարանը եւ զանազան յուշարձաններ: Անոնք ներկայ կը գտնուին մշակութային ձեռնարկներու եւ գեղարուեստական ներկայացումներու:
Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն անուանի բազմաթիւ դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ծրագիրին: Դասախօսներու նիւթերը կը կեդրոնանան հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու, հայկական երգի եւ թատրոնի վրայ: Գործունէութեան մաս կը կազմեն հայկական պարը, քանդակագործութիւնը եւ մամուլի աշխատանոցները։ Ուսանողները հաւաքի առօրեայ գործունէութեան մասին լրատու թերթիկ կը հրատարակեն:
Հաւաքի ամէնէն կարեւոր մասը խորհրդակցութիւններն են, ուր ուսանողները հարցերը կը քննեն, գաղափարները գրի կ՛առնուին եւ կը քննարկուին բոլորին կողմէ։
Հաւաքին կազմակերպիչները կ՛աշխատին ընկերական եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծել՝ քաջալերելով, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած երիտասարդներ սերտ կապեր հաստատեն իրարու հետ ու անմիջական կերպով առնչուին հայ կեանքին։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը ի հարկին նիւթականով կ՛օժանդակէ մասնակցող ուսանողներուն: Հաւաքը նաեւ կը ստեղծէ վարիչներ պատրաստելու միջավայր, ուր երիտասարդներուն պատասխանատու պաշտօններ կը տրուին:
Դասախօսական նիւթերը շատ յաճախ կը թարգմանուին օտար լեզուներու, որպէսզի ամէն մասնակից ծանօթանայ դասախօսութեան նիւթին:
Հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18-31ին, սակայն անոր մասնակիցները ամենաուշը Յուլիս 13ին Երեւան հասած պէտք է ըլլան: Առանց նկատի ունենալու ճամբորդութեան ծախսը, մասնակցութեան սակը 750 տոլար է՝ օրական երեք ճաշի եւ պտոյտներու համար, կամ 1200 տոլար՝ ներառեալ կեցութիւն, օրական երեք ճաշ եւ պտոյտներ: Այս տարի նաեւ կարելի պիտի ըլլայ Արցախ այցելել, որուն համար սահմանուած է յաւելեալ 250 տոլար սակ մը:
Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ հաւաքին ներկայացուցիչն է Շուշիկ Արսլանեանը, որուն հետ կարելի է կապ հաստատել (714) 596-1928 թիւով:
Նախընտրելի է, որ մասնակցութեան համար դիմում կատարել Յունիս 15էն առաջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.hamazkayin.com համացանցային կայքը: