Հայաստանի բնակարանաշինութեան «Ֆուլըր» կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ կամաւորներ կը փնտռէ այս տարուան Յունիսէն Սեպտեմբեր կայանալիք Հայաստան այցելութեանց եւ հոն իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներուն համար: 10-14 օրուան այցելութեան ընթացքին կամաւորները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու կարիքաւոր ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցելու կամ նորոգելու աշխատանքներուն եւ աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան երկրին բնակչութեան:
«Ֆուլըր» կեդրոնը երկար ժամանակի վրայ վճարուող եւ առանց տոկոսի վարկեր կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներու, որպէսզի անոնք կարենան բնակարաններ գնել:
Այս տարուան ծրագիրը պիտի իրականացուի հետեւեալ ժամանակացոյցով՝ Յունիս 5-21, Յուլիս 13-27, Օգոստոս 14-28 եւ Օգոստոս 26էն Սեպտեմբեր 5:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.fullercenterarmenia.org/en/get-involved/int-v համացանցային կայքէջը, կամ դիմել volunteer@fullercenterarmenia.org հասցէին: Կազմակերպութեան համացանցային կայքն է՝ www.fullercenterarmenia.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.