«Report.am»ը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլհան Փոլուխով Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճան բաւարարուած է այն բանով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով Թուրքիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Այս հարցին մէջ Պաքուն բաւարարուած է՝ ինչպէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի, այնպէս ալ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի դիրքորոշումներով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.