ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին յայտարարեց, թէ ներկայ պահը ճակատագրական է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ անցեալ տարի ստորագրուած եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող արձանագրութիւններուն գործադրութեան համար:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած 45 վայրկեաննոց հանդիպումէ մը ետք, որուն ընթացքին քննուած են հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Պոսնիոյ հետ ՆԱԹՕի յարաբերութեանց առնչուող հարցեր:
Առանց մանրամասնութիւններ փոխանցելու խորհրդակցութեանց մասին, Քրաուլի յայտնեց, թէ անոնք «շատ դրական էին»:
Հաւանականութիւն կայ, որ Քլինթըն Տաւութօղլուի հետ ունենայ երկրորդ հանդիպում մը, որուն կրնայ մասնակցիլ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Նախարարները Ուաշինկթըն կը գտնուին մասնակցելու համար հիւլէական ապահովութեան հարցերու նպատակով գումարուած գերաստիճանին:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցան Քլինթընի կողմէ հիւրընկալուած արտաքին գործոց նախարարներուն ճաշի մը ընթացքին՝ շարունակելով նախօրեակին տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահին ու Թուրքիոյ վարչապետին միջեւ խորհրդակցութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.