Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով փոխնախագահ Սուաթ Քընըքլըօղլու, «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Ապրիլ 12ին կայացած Սարգսեան-Էրտողան հանդիպումը շատ կարեւոր էր կողմերու միջեւ վստահութեան թարմացման տեսանկիւնէն, միաժամանակ ընդգծելով, որ Անգարա հաւատարիմ կը մնայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
Քընըքլըօղլու, որ Էրտողանի պատուիրակութեան կազմին մէջ է, անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ յայտարարած է, թէ Անգարա չի կրնար անտեսել այդ հիմնախնդիրը, եւ ընդգծած է, որ այդ հարցին մէջ յառաջընթաց պէտք է ապահովուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ։
Ի պատասխան լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացման պատճառով յառաջացած ճգնաժամը յաղթահարուած է՝ Քընըքլըօղլու յայտարարած է. «Կը կարծեմ, որ այդ ճգնաժամը կը յաղթահարուի։ Սակայն հարկ է սպասել Ապրիլ 24ին»։
Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահը միաժամանակ նշած է, որ հաւանական չի տեսներ, որ թիւ 252 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին հասնի: Ան աւելցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւս այս տարի պիտի չարտասանէ «ցեղասպանութիւն» եզրը, այլ անցեալ տարուան նման յայտարարութիւն մը պիտի ընէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.