ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին կատարուած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպման։ Ան յայտնած է, որ «ինչպէս միշտ», այս անգամ եւս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը քննարկուելիք «գլխաւոր հարցը եղած է»։
«Մեր վարչապետը խիստ կ՛ուզէ Հայաստանի ղեկավարին բացատրել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նրբութիւնները։ Մենք կը կարծենք, որ Ատրպէյճան կովկասեան խնդիրներու լուծման անքակտելի մասն է, եւ Ատրպէյճանը գործընթացէն բացառելու մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ։ Թուրքիոյ համար ատիկա անթոյլատրելի է։ Նախքան Միացեալ Նահանգներ այցելելը ես հանդիպած եւ խօսած եմ ատրպէյճանցի դիւանագէտներու հետ։ Մեր ներկայացուցիչը այցելած է Պաքու եւ Երեւան։ Մենք յաճախ անոնց հետ կը կապուինք։ Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր է Օպամայի վարչակազմին ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ հարցին։ Կ՛ուզեմ կրկնել, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հետ մէկտեղ, Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու գլխաւոր թիրախներէն մէկը Ատրպէյճանի հողերու ազատագրումն է։
«Մենք պիտի պահպանենք խաղաղութեան հեռանկարը, սակայն ոչ մէկուն թոյլ կու տանք ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ այն հարցերուն գծով, ուր մենք չենք կրնար զիջումներ կատարել։ Յոյս ունինք, որ գործընկերները ստացած են մեր պատգամը այդ հարցին շուրջ»։
Պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ հերթական քայլին մասին հարցումի մը՝ Տաւութօղլու յայտանած է. «Եթէ բոլոր կողմերը, ստանձնելով պատասխանատուութիւն՝ ջանքեր գործադրեն հարաւային Կովկասի մէջ, ապա մօտ ապագային կարելի է վաւերացնել արձանագրութիւնները։ Ատիկա ոչ միայն պիտի նպաստէ երկու երկիրներու մերձեցման, այլ նաեւ ճանապարհ պիտի հարթէ դէպի նոր ապագայ, խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ համագործակցութիւն։ Ինչպէս նշած է մեր վարչապետը, մենք կը փորձենք բացատրել Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, անհնար է համերաշխութեան հասնիլ տարածաշրջանին մէջ»։
«Նախագահ Պարաք Օպամա կրնա՞յ արդեօք Թուրքիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները վտանգել՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը» հարցումին, Տաւութօղլու պատասխանած է. «Ամէն գարուն մենք ահաբեկուած կը սպասենք Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ճգնաժամին։ Միացեալ Նահանգները երկու տարբերակ ունի. նուազագոյնի հասցնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բոլոր ձեռքբերումները, յատկապէս Հարաւային Կովկասի գծով, կամ նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան զարգացման։ Կը կարծեմ, որ անոնք պիտի ընտրեն երկրորդ ճանապարհը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.