«Armenia Today»ը կը հաղորդէ, որ «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Հայիմ Օրոնի ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Ապրիլ 28ին պիտի քննուի Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ:
Իսրայէլացի երեսփոխանը նշած է, որ կը կարծէ, թէ այս տարի Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ կառավարութիւնը աւելի լրջութեամբ պիտի պայքարի, քան անցեալ տարի։ «Ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ, եւ շատերը խորհուրդ չեն տար միջամտել, խանգարել զանոնք։ Ես կապ չեմ տեսներ 95ամեայ իրադարձութիւններու եւ տարածաշրջանի ներկայիս աշխարհաքաղաքականութեան միջեւ», ըսած է Օրոն։
Ըստ Օրոնի, երբ «Լիքուտ» խմբակցութեան պատգամաւոր Զէյեւ Էլկին նշանակուեցաւ համախոհական կառավարութեան անդամ, ինք կորսնցուց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող իր դաշնակիցը։ «Նախապէս ան կը ղեկավարէր Իսրայէլ-Հայաստան միջխորհրդարանական խումբը, սակայն հիմա տեսնենք, թէ ի՛նչ ճնշում պիտի գործադրեն անոր վրայ համախոհական կառավարութեան մէջ անոր ընկերները», ըսած է Օրոն՝ նշելով, որ թէեւ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խիստ սառն են, եւ շատերը պիտի ցանկային Անգարան հարուածել, սակայն ինք լաւատես չէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.