
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ տարածքէն աւելի քան հարիւր գործիչներ եւ համակիրներ Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ին հաւաքուած էին նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, նահանգային խորհրդարանին մէջ կայացող Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով:
Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ գլխաւորութեամբ խորհրդարանի անդամ (44րդ ընտրատարածքէն) Էնթընի Փորթանթինոյի, որ բեմ հրաւիրեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը, ձեռնարկին բացման աղօթքը կատարելու: Ուոլնաթ Քրիքի ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղի սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը:

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ գլխաւորութեամբ ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի (11րդ ընտրատարածքէն): Հոն բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, իսկ դրօշակի արարողութիւնը՝ Սանթա Քլարայի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտները:
Ծերակոյտն ու խորհրդարանը վաւերացուցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր, որոնք Ապրիլ 24ը կը դարձնեն Քալիֆորնիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր եւ կոչ կ՛ընեն Քոնկրեսին ու Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցող ծերակուտականներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն շարքին էին Լիու, տը Լէօն, Սմայթ, Լոուընթալ, Արամպուլա եւ Ամանիօ:
Խորհրդարանի ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին նշուեցաւ, թէ ժողովին ներկայ են ամերիկահայութեան շարք մը ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ՀԵԴի, ՀՄԸՄի անդամները, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի ու Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտները:
Նոյն ժողովին, խորհրդարանը ի նպաստ քուէարկեց Չարլզ Քալտերոնի (58րդ ընտրատարածք) կողմէ ներկայացուած այն բանաձեւին, որուն շնորհիւ յատուկ ցուցատախտակներ պիտի տեղադրուին 60 ազատուղիին երկու կողմերուն վրայ, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը ծանուցելու նպատակով:
Փորթանթինօ եւ տը Լէօն նաեւ հովանաւորած էին Ցեղասպանութեան վերապրողներու լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, որուն բացումը կատարուեցաւ Ապրիլ 15ին: Արա Օշականի եւ Լեւոն Փարեանի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը պիտի մնայ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ մինչեւ Ապրիլ 30:
Ոգեկոչման ձեռնարկներէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները շարք մը խորհրդարանականներու հետ հանդիպումներ ունեցան՝ անոնց մօտէն ծանօթացնելու համար հայութիւնը յուզող հարցերը: