ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան գործադիր քարտուղար, խորհրդարանի անդամ Ալի Ահմետով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան բարձր կը գնահատէ Թուրքիոյ վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնները Ուաշինկթըն, ուր անոնք բանակցութիւններ ունեցած էին Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան հետ, եւ քննարկած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները։
«Թուրքիան կոչ ուղղած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն, որ անոնք աւելի մեծ ջանքեր գործադրեն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Թուրքիան կը սատարէ Ատրպէյճանի դիրքորոշման, ինչ որ կը գոհացնէ մեզ։ Ցաւօք, կան որոշ երկիրներ, նոյնիսկ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու կազմին մէջ, որոնք կը դժուարանան արտայայտել իրենց արդարացի դիրքորոշումը եւ ղարաբաղեան հարցին մէջ ցոյց չեն տար հարկաւոր հաստատակամութիւնը, երբ այդ մէկը անհրաժեշտ է», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութեան գործադիր քարտուղարը առաջարկած է փոխել ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ներկայ ձեւաչափը, որովհետեւ ներկայ կառոյցը յաջողութիւն չէ կրցած գտնել: «Թուրքիան այդ ձեւաչափի համալրման լաւագոյն թեկնածուն է», նշած է Ալի Ահմետով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.