ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ապրիլ 20ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու մշակութային ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ագային ժողովի ՀՅԴ ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ մշակութային ցեղասպանութիւնը համեմատաբար քիչ արծարծուած է ուսումնասիրութիւններու մէջ, թէեւ անոր կարեւորութիւնը պէտք չէ թերագնահատել, որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու վերականգնումը առաւել դժուար է։
Յովհաննիսեանի խօսքերով, ժողովուրդը որքա՛ն կարեւոր համարէ կրօնական եւ հոգեւոր արժէքները, այնքա՛ն աւելի կը հպարտանայ իր երկիրով, ինչպէս իրլանտացիք, լեհերն ու թուրքերը, որոնք իրենց կրօնական եւ հոգեւոր արժէքներուն հաւատացող ժողովուրդներ են, իսկ անոնց հակառակ օրինակները, ըստ բանախօսին, ռուսերը, հայերն ու յոյներն են։ «Այսօրուան մեր անմշակոյթ գոյութիւնը նոյնպէս դրա հետեւանքն է, որովհետեւ մեր ժողովրդի հաւատը, թէ հոգեւոր արժէքը կարող է պաշտպանող դեր ունենալ, կոտրուել է: Կարծում եմ՝ նոր սերնդի գործը դա վերականգնելն է», նշեց Վ. Յովհաննիսեան:
ՀՅԴ ղեկավարի խօսքով, Հայաստանի հոգեւոր վերածնունդի աշխատանքին, առաջին հերթին կրնայ նպաստել Սփիւռքը, քանի որ հայկական գաղութներուն մէջ պահպանուած են հին հայկական աւանդոյթներն ու հին հայկական ոգին: «Իսկ Թուրքիան փորձում է պառակտել հայութիւնը, կտրել Հայաստանը Սփիւռքից, որովհետեւ գիտի՝ գաղութները աւանդապաշտութեան օճախներ են, ազգի հոգեւոր կերտուածքը պահպանող օճախներ», յայտնեց բանախօսը:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Ցեղասպանութեան հարցին մէջ գոյութիւն ունի երեք մօտեցում. թրքական մօտեցում՝ ըստ որուն, ոչինչ պատահած է, եւրոամերիկեան մօտեցում՝ ըստ որուն, ցեղասպանութիւն եղած է, բայց այլ ժամանակներու մէջ եւ այլ կառավարութեան օրով, իսկ հայկական մօտեցում՝ ըստ որուն, Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն տեղի ունեցած է, այլեւ կը շարունակուի մինչ օրս եւ ամենավտանգաւոր հետեւանքները նոյնինքն հոգեւոր-մշակութային ասպարէզին մէջ են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.