ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Անատոլու».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 20ին աւարտեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Ատրպէյճան կատարած երկօրեայ այցելութիւնը։ Ան Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման գործընթացները։ Տաւութօղլու Ալիեւին տեղեկութիւններ փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւլէական ապահովութեան հարցերուն նուիրուած գերաստիճանին ընթացքին՝ իր եւ Թուրքիոյ վարչապետին ունեցած հանդիպումներուն մասին։
Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Մամետեարովի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ Անգարայի նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր սահմանները բանալն է։ «Մենք յոյսով ենք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ պիտի սկսի նոր շրջան մը, որուն ընթացքին բաց պիտի ըլլան բոլոր սահմանները, կարգաւորուած պիտի ըլլան յարաբերութիւնները, ձեւաւորուած պիտի ըլլայ փոխադարձ վստահութիւնն ու կայունութիւնը։ Յոյսով ենք, որ Մինսկի խմբակի նախաձեռնութիւններով (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման) գործընթացը պիտի արագանայ եւ հասնի իր վերջնական նպատակակէտին», յայտնած է ան։
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը, իր կարգին կը գրէ, թէ Տաւութօղլու Պաքուի մէջ լրագրողներէն մէկուն՝ «Արդեօք պատերազմի վերսկսման պարագային, Թուրքիան պիտի աջակցի՞ Ատրպէյճանին» հարցումին պատասխանելով՝ ըսած է. «Մենք չենք ուզեր, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը աւելի լարուի։ Եկէք միասին կառուցենք ապահով Կովկաս մը, ուր բոլորը փոխադարձաբար պիտի յարգեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը»։
Տաւութօղլու նաեւ անդրադարձած է Մատրիտեան սկզբունքներուն՝ նշելով, թէ «Մատրիտեան սկզբունքները մեծ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռեն։ Բոլորը պէտք է գնահատեն ատիկա։ Բոլորը պէտք է ջանքեր գործադրեն այդ սկզբունքներու հիման վրայ տեւական կարգաւորում ապահովելու համար»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ընդգծելով, որ առայժմ կանուխ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի մը մասին խօսելու՝ յայտարարեց. «Մեզի համար կարեւորը Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերակենդանացումն է»։
Անդրադառնալով մէկ նախօրեակին Իրանի ներկայացուցած միջնորդական առաջարկին՝ ան աւելցուց. «Մենք կ՛ուզենք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ հաստատուին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը։ Կարեւոր են նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու ուղիները։ Իրանը շրջանային կարեւոր երկիր է, եւ անոր համար եւս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.