ՄՈՍԿՈՒԱ.- Այս տարուան ընթացքին իրենց երրորդ հանդիպումը ունենալով, Երեքշաբթի օր, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները Մոսկուայի մէջ քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը:

Ուաշինկթընի մէջ իր ունեցած քաղաքական կարեւոր հանդիպումներէն ետք կարճատեւ արձակուրդի մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Իսլանտայի հրաբուխի պատճառաւ ստեղծուած իրավիճակին պարտադրանքով, Երեւան չվերադարձած ուղղակի մեկնեցաւ Մոսկուա՝ հանդիպելու համար նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, հայ-ռուսական բարձրագոյն մակարդակի նման հանդիպումներուն յաճախակիութիւնը «շատ կարեւոր է, որպէսզի պահպանուի մեր երկիրներուն միջեւ առկայ վստահութեան բարձր մակարդակն ու փոխըմբռնումը, ռազմավարական գործընկերոջ ոգին, որ մշտապէս իւրայատուկ է եւ յոյսով եմ, որ կը մնայ առանձնայատուկ մեր երկու երկիրներուն համար»:
Ռուսիոյ նախագահին հետ այս հերթական հանդիպումը նախագահ Սերժ Սարգսեան նկատած է երկկողմանի յարաբերութիւններու որոշ հարցերու, տարածաշրջանային անվտանգութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող խնդիրներու քննարկման լաւ հնարաւորութիւն: