ՊՈԼԻՍ.- Շարք մը թուրք մտաւորականներ, Թուրքիոյ հանրութեան ուղղուած «Այս ցաւը մեր ցաւն է, այս սուգը՝ բոլորիս» վերտառութեամբ յատուկ ուղերձով մը կոչ ուղղած են Ապրիլ 24ին, տեղական ժամանակով ժամը 19ին, հաւաքուելու Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակը՝ ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
«1915ին, երբ մենք ընդամէնը 13 միլիոն էինք, այս հողերուն վրայ կը բնակէին 1.5-2 միլիոն հայեր։ Թրակիոյ, Եգէականի, Ատանայի, Մալաթիոյ, Վանի, Կարսի… Սամաթիոյ, Շիլիի, Ատաների, Կալաթայի մէջ…
«Մեր թաղամասերու նպարավաճառները, դերձակները, ոսկերիչները, ատաղձագործները, կօշկակարները, դաշտերուն մէջ աշխատող հողագործները, չաղացպանները, մեր դասընկերները, ուսուցիչները, սպաները, զինուորները, պատգամաւորները, պատմաբանները, յօրինողները: Անոնք բոլորը մեր ընկերներն էին, մեր հարեւանները, մեր ցաւը կիսողները։
«1915ի Ապրիլ 24ին զանոնք սկսան «քշելու»։ Մենք կորսնցուցինք զանոնք, արդէն չկան։ Անգամ գերեզմաններ չունին։ Այսօր կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ եւ վերջին 95 տարիներու ընթացքին ալ աւելի խորանալ մեր խղճին ծանրացած «Մեծ ցաւը», «Մեծ Եղեռնը»։
«Թուրքիոյ բոլոր բնակիչներուն, որոնք իրենց սրտին մէջ կը զգան այդ «Մեծ ցաւը», կոչ կ՛ուղղենք լուռ, մոմերով եւ ծաղիկներով հաւաքուելու Ապրիլ 24ին, «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915ի զոհերու յիշատակին», կը նշուի թուրք մտաւորականներու յայտարարութեան մէջ։
Թուրք մտաւորականներու այս կոչը հրապարակուած է buacihepimizin.org կայքին վրայ։ Կոչին տակ ստորագրած յայտնի թուրք լրագրողներու շարքին են Ալի Պայրամօղլու, Ահմետ Ինսել, Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Հալիլ Պերքթայ, Եասմին Չոնկար, Ֆեթհիյէ Չեթին, Տենիզ Զարաքօլու, Էրեն Քեսքին եւ ուրիշներ։