ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ապրիլ 26ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը միօրեայ այցով կը մեկնի Պաքու, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքի եւ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ Շէյխ ըլ Իսլամ Փաշազատէի հրաւէրով՝ մասնակցելու հոգեւոր առաջնորդներու համաշխարհային երկրորդ վեհաժողովին։
Այցելութեան ծիրէն ներս նաեւ պիտի կայանայ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքի, Համայն Վրաստանի պատրիարքի, Շէյխ ըլ Իսլամի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի քառակողմ հանդիպումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.