ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքարանէն Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ին փոխանցուած տեղեկութեանց համաձայն, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան Չորեքշաբթի օր Վան այցելած է՝ շփումներ ունենալու համար Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ կայանալիք արարողութեան մասին։ Ան ընդունուած է կուսակալ Միւնիր Գարալօղլուի կողմէ։ Հոն էին նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին այս այցելութեան։
Արամ սրբազանը Աղթամարի եկեղեցւոյ մասին խօսելէ ետք, գնահատանքի խօսք յայտնած է մշակոյթի նախարարութեան ու Վանի կուսակալութեան, ապա սրբազան հայրն ու կուսակալը դռնբակ երկար խորհրդակցութիւն ունեցած են Ս. Խաչի տօնակատարութեան ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։
Սրբազան հայրն ու ընկերակիցները նաեւ գացած են Աղթամար կղզի. քննութեանց ընթացքին նշուած է, որ եկեղեցին շատ փոքր է այսպիսի ուխտագնացութեան մը համար. անիկա հազիւ 50 հոգի կրնայ ընդունիլ. ուստի որոշուած է արարողութիւնը ցուցադրել տեսաերիզի դրութեամբ։
Աղթամարէն ետք, սրբազան հայրը ուղղուած է Վարագայ պատմական վանքը ու քննարկումներ ըրած է նաեւ հոն։ Այս կէտը կարեւոր էր, որովհետեւ ծրագիր կայ նաեւ Վարագայ վանքը նորոգութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։
Համաձայնուած է, որ Ս. Խաչի ուխտագնացութեան մասնակցիլ փափաքողները իրենց անունները ներկայացնեն Պատրիարքարան, որպէսզի ըստ այնմ պատրաստութիւն տեսնուի։
Կուսակալին հետ հանդիման մասին գրելով՝ «Հիւրրիյէթ» Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ Արամ սրբազան յայտնած է, որ ցարդ իրեն պաշտօնական որեւէ գրութիւն չէ եկած այն մասին, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին տարին անգամ մը պիտի բացուի։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ ինք որեւէ սահմանափակում պիտի չընդունի եկեղեցւոյ մէջ կատարելիք արարողութեան տեւողութեան կամ մասնակիցներու թիւի կապակցութեամբ։ «Եթէ այսպիսի սահմանափակում մը դրուի, ես արարողութիւն չեմ կատարեր», ըսած է սրբազան հայրը։
Ըստ թերթին, սրբազանը արտայայտած է հետեւեալ միտքերը. «Այստեղ, աշխարհի հայերուն համար ծայր աստիճան կարեւոր տեղ է։ Աշխարհի ամէն կողմէն հազարաւոր մարդիկ պիտի գան արարողութեան մասնակցելու։ Կարելի՞ է մասնակցիլ ուզող մէկու մը ըսել՝ «Որոշուած թիւը ամբողջացաւ եղբայր, դուն կղզի չես կրնար երթալ»։ Կամ կարելի՞ է արարողութեան ընթացքին յանկարծ ըսել, որ ժամանակամիջոցը վերջացաւ եւ պէտք է կիսատ մնայ արարողութիւնը։ Երեւակայացէք, որ այժմէն իսկ տեղ չէ մնացած Վանի պանդոկներուն մէջ։ Այս մարդիկը զբօսաշրջական պտոյտի համար պիտի չգան, այլ պիտի գան արարողութեան համար։ Մենք Սեպտեմբեր 12ին, այսինքն՝ Ս. Խաչի տօնին օրը կ՛ուզենք տօնակատարել ժողովրդական պարերու խումբերով եւ երգչախումբերով։ Երեւանի, Երուսաղէմի եւ Պէյրութի գլխաւորութեամբ, աշխարհի չորս կողմէն ներկայացուցիչներ պիտի հրաւիրենք»։
Արամ սրբազան աւելցուցած է, թէ հայ համայնքը կը պահանջէ, որ եկեղեցին դարձեալ կոչուի «Ս. Խա»չ անունով, նաեւ տեղադրուի Մեսրոպ պատրիարքին կողմէ նուիրուած գմբէթին խաչը։ «Ասիկա մեր ամէնէն բնական իրաւունքն է, մեր պատրիարքին ղրկած խաչը թանգարանին մէջ կը սպասէ. կարծես, թէ եկեղեցին անուն չունի, շարունակ կը գործածուի «Ագտամար քիլիսէսի» բացատրութիւնը։ Մենք կ՛ուզենք որ թէ՛ եկեղեցին իր բուն անունով մկրտուի եւ թէ ունենայ իր խաչը», ըսած է Արամ սրբազան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.