ԱՐՏԱԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան սիրտը հանդիսացող Կլենտէյլ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, այս տարի կը բոլորէ 35ամեայ ծառայութեան բեղուն շրջան մը. այդ առթիւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւնը, ազգային երեսփոխաններն ու տօնակատարութեան համար յատկապէս կեանքի կոչուած մարմինը կազմակերպած են 35ամեակի յատուկ հանդիսութիւն մը՝ հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Հանդիսութի1ւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Palladio» ճաշասրահին մէջ՝ հիւրընկալութեամբ ճաշասրահի տնօրէնութեան, Կիրակի, 9 Մայիս, 2010ի երեկոյեան ժամը 6ին։
Արդարեւ, ամեակներ, յոբելեաններ եւ տարեդարձներ, անցեալի գեղեցիկ յուշեր արթնացնող առիթներ ըլլալով հանդերձ, վերակազմակերպուելու, վերաշխուժանալու, վերանորոգուելու եւ նորանոր իրագործումներ ծրագրելու միջոցներ են նաեւ, մեր հաւաքական կեանքի ընթացքին։
Հայ ժողովուրդի ազգային կեանքը յետ քրիստոնէութեան, եղաւ նուիրական, ծառայական եւ հոգեւոր ապրումներով պարուրուած կեանք մը։
Յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի հայր Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծանուն հայրապետով սկսած, Մեծն Ներսէս, Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացի եւ յաջորդուող հայրապետներով ու եկեղեցականներով կազմակերպուած ու շարունակուած քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի պատմագրութիւնը կերտուեցաւ տաճարներու եւ վանքերու կառուցմամբ, որոնց կողքին կամ մօտ հիմնուեցան դպրատուներ, որբանոցներ, այրիանոցներ, անկելանոցներ, հիւանդանոցներ եւ բարենպատակ ու բարեսիրական այլ հաստատութիւններ, որոնք դարեր շարունակ ազգապահպանման մեր գործընթացը հունաւորեցին նման աշխատանքներով ու բարձր պահեցին մեր աւանդները, մշակոյթը, բարքերը եւ կրօնական հաւատալիքները։
Այո, պատմութեան ընթացքին, հայրենի հողին վրայ թէեւ ունեցանք քաղաքական ճգնաժամեր, անկայուն եւ պարտադրեալ իրավիճակներ, պատերազմներ, հալածանք, տեղահանութիւն, սպանդ եւ այլն. սակայն ինչ ալ պահատեցաւ, հայու աննկուն կամքն ու պայքարող հոգին վերականքնեց ու պատնէշի վրայ պահեց զինք, ըլլայ հայրենիքէն ներս թէ դուրս:
Կրկնուող պատմութեան հոլովոյթը 1975 թուականներէն սկսեալ, միջին եւ մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլեւայլ քաղաքական պատճառներով ստեղծեց նոր գոյավիճակ մը, հայ գաղութ մը՝ Քալիֆորնիոյ եւ յատկապէս Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, որ ապագային դարձաւ արտասահմանի հայահոծ մեծագոյն կեդրոնը։ Հետեւաբար, կարելի չէր ձեռնածալ մնալ ի տես հայութեան հոսքին ու հաւաքական մէկտեղումին. առաջին հերթին, անհրաժեշտ էր ունենալ ամենաէականը՝ եկեղեցին։ Ուստի բուռ մը հայորդիներ՝ գլխաւորութեամբ հանգուցեալ Ստեփան Գապատայեանի, գիտակից յանձնառութեամբ եւ հաւատարիմ իրենց հայրերու հաւատքին եւ առաքելութեան, հանդիսացան կենդանի օրինակ՝ բերելով իրենց գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Ու այսպիսով, «Երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ» ու կանգնեցին Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Chevy Chase եւ Carlton ճամբաներու խաչմերուկին, 1975 թուականին. ինչպէս նաեւ սերմանեցին առաջին առողջ հունտերը մտքի ու հոգիի դարբնոցներուն, որոնց իբրեւ արդիւնք, հուսկ ապա նիւթ եւ մարմին ստացան «Շամլեան» եւ «Թիւֆէնքեան» վարժարանները։
Անցնող 35 տարիներու ընթացքին, գաղութիս բարգաւաճման եւ հզօրացման գործընթացին, իրենց հիմնական եւ կեդրոնական ներդրումները ունեցան թեմիս առաջնորդ սրբազան հայրերը՝ Տ. Սմբատ արք. Լափաճեան, Տ. Եփրեմ արք. Թապաքեան, Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեան եւ 14 տարիներէ ի վեր հոգին ի բռին անխոնջ կերպով աշխատող ժրաջան առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որուն հոգածութեան ներքեւ գտնուող ծխական համայնքը մեծապէս երախտապարտ է յանձին իրեն, ինչպէս նաեւ նախորդ առաջնորդ սրբազան հայրերուն։
35 տարիներու ընթացքին, Ազգային եւ կրօնական այս հիմնարկները, ենթարկուեցան որակական եւ արտաքին երեւութական բարեփոխումներու:
1985 թուականին, Աստուածային տնօրինումով եւ Հիլտա Տէր Մինասեանի իշխանական նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ կնքահայրերու եւ բարերարներու սրտաբուխ նուէրներով, իրականութիւն եւ սեփականութիւն դարձաւ ներկայիս Կլենտէյլ քաղաքի 500 S. Central Պողոտային վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ փառահեղ եւ գեղատեսիլ Աստուծոյ Ս. տաճարը։
Կարելի չէ չանդրադառնալ այն գերազանց եւ անզիջող նպատակին ու կամքին, զորս ունեցան հաւաքաբար եւ անհատաբար գործող հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան, Ազգ. երեսփոխաններու եւ Տիկնանց միութեան անդամներն ու անդամուհիները, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակներու նորակազմ մեր Ազգ. միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործակցութիւնը, որոնց աշխատութեան պերճախօս վկայութիւնը դարձաւ մեր հաւատքի ու մտքի տաճարներուն կատարած կենսական ու վճռական դերը։
Վերոյիշեալ կրթօճախներէն վկայուեցան բազմահազար աշակերտներ, որոնցմէ շատեր ընտրելով իրենց կեանքի ասպարէզը ու ամբողջացնելով մասնագիտական բարձրագոյն ուսման մակարդակներ, դարձան ականաւոր դէմքեր ու իրենց ծառայութիւնը բերին մեր ազգային ու հանրային գործընթացին՝ ստանձնելով պատասխանատու դիրքեր եւ պաշտօններ։
Բազմահազար հրեշտականման երեխաներ մկրտուելով՝ Ս. աւազանին մէջ, իրենց ճակատներուն եւ մարմիններու ութ անդամներուն վրայ ստացան օծումն ու դրոշմը Ս. Հոգի Աստուծոյ շնորհաբաշխ միւռոնին, ու դարձան Յիսուս Քրիստոսի եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ որդեգիր զաւակները։
Բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ստանալով Աստուածային օրհնութիւն՝ Ս. Պսակի արարողութեամբ կազմեցին իրենց ընտանիքները, հայու Ս. օճախները։ Ինչպէս նաեւ սուգն ու վիշտը ըլլալով կեանքի անբաժան մէկ երեւոյթը՝ սիրելի հարազատներու մահուան առիթները հանդիսացան ննջեցեալներու հոգիներուն խունկ ու աղօթք բարձրացնելու մխիթարութեան պահեր:
Իսկ ամենաէականը. Կիրակի եւ տօնական օրերուն մատուցուեցան Ս. եւ անմահ պատարագ, որ յիշատակումն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին եւ զոհաբերման, Իր Ս. արեան հեղումին՝ պատարագումին, որով կը հրաւիրուին հաւատացեալները հաղորդուելու Տիրոջ մարմինին, որպէսզի խոստովանութեամբ եւ մեղքերու թողութիւն ստանալով՝ արդարանան ու արժանաւորներ ըլլան յաւիտենական կեանքին եւ երկնային արքայութեան։
Այս ամփոփ տողերու մէջ խտացնելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 35ամեայ ծառայութիւնը՝ կը հաւատանք, թէ պէտք չէ միայն անցեալի իրագործումներով հպարտանալ, այլ անոնք պէտք է դառնան խայծ ու խթան առաւել ծառայութեան ու նորանոր նուաճումներու։
ԱՐՏԱԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հոգեւոր Հովիւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ