Երեքշաբթի, Մարտ 20ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ստեղծուեցաւ հոգեւոր մթնոլորտով յիշատակելի պահ մը, երբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնէական վարժարանի ծնողներէն խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի մանկապարտէզի վարիչ Ռիթա Դաւիթեանի։ Խումբին անդամները մաս կը կազմեն վարժարանի յարկին տակ տեղի ունեցող Ս. Գրոց սերտողութեան պահերու հետեւողներուն։ Առաջնորդին կողքին, հիւրընկալման ներկայ եղան Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչները՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը։
Առաջնորդը ողջունեց բարեպաշտ հայուհիները, որոնք բացատրեցին, թէ ամէն Երեքշաբթի, իրենց զաւակները դպրոց առաջնորդելէ ետք, կը համախմբուին դպրոցի յարկին տակ, կ՛ունենան հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, միասնաբար հոգեւոր երգեր կ՛երգեն ու կը կատարեն Ս. Գրային սերտողութիւն՝ առաջնորդութեամբ Ռիթա Դաւիթեանի։
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց այս խմբակին տարած աշխատանքը՝ ընդգծելով, որ իբրեւ հայուհիներ ու մեր եկեղեցւոյ զաւակներ՝ անոնք իրենց այս ընթացքով հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն մեր հաւատքի հայրերուն ու անոնց ժառանգութիւններուն։ Ան յորդորեց հիւր տիկինները, որ անշեղ կերպով շարունակեն իրենց այս նախաձեռնութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ մայրեր ու մեծ մայրեր՝ հայ տիկինները պէ՛տք է ըլլան իսկական առաջնորդներ նոր սերունդներուն համար, որովհետեւ հայ ընտանիքին հիմը, զաւակները քրիստոնէական ու ազգային ճշմարիտ ուղիին մէջ պահողները մեր մայրերն են:
Հիւր տիկինները յուշանուէր մը բերած էին առաջնորդին, որ իր կարգին անոնց նուիրեց առաջնորդարանը խորհրդանշող յուշանուէրներ։
Տիկինները այնուհետեւ ծանօթացան առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, իսկ հրաժեշտէն առաջ, աղօթքի պահ մը ունեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին ու հոգեւոր հայրերուն այս ընդունելութեան համար, ու մեկնեցան գեղեցիկ յիշատակներով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.