«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մայիս 1, 1970ը անկիւնադարձային թուական էր «Ասպարէզ»ի պատմութեան մէջ: Այդ օր, արդէն 62 տարիներու վաստակով հարուստ հրատարակութիւնը, որ Ֆրեզնոյէն նոր փոխադրուած էր Լոս Անճելըս, ճամբայ հանեց իր անգլերէն բաժինը: Այսօր, երբ կը նշենք թերթի անգլերէն բաժնի քառասունամեակը, «Ասպարէզ»ը կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն, իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող հայերէն-անգլերէն երկլեզու մեծագոյն օրաթերթը:
Այս անկիւնադարձային պահը նշանաւորելու համար, «Ասպարէզ» ձեռնարկած է հանգանակային արշաւի մը՝ դիմելով համայնքին, դիմելով իր ընթերցողներուն՝ քառասուն տոլարի խորհրդանշական գումար մը նուիրելու թերթին:
Այս արշաւէն գոյացած միջոցները մեծապէս պիտի նպաստեն հրատարակութեան եւ հնարաւոր պիտի դարձնեն, որ մեր լրատուական ու վերլուծական ծառայութիւնը դառնայ առաւել թարմ, առաւել այժմէական: Ձեր նուիրատուութիւնները նաեւ հնարաւոր պիտի դարձնեն ընդհանրապէս մեր գործունէութեան դաշտի ընդարձակումը՝ Փորքիկ Հայաստանի մեր նոր կեդրոնէն ծաւալելով դէպի հայաշխարհի տարբեր հորիզոններ:
Ձեր նուիրատուութիւնները տուրքէ զուրկ են: Կը դիմենք Ձեզ, որ չզլանաք ձեր աջակցութիւնը թերթին, եւ կը վստահինք ձեր նախաձեռնող ոգիին՝ ձեր շրջապատի մարդոց եւս յորդորելու, որ մասնակցին հանգանակային արշաւին:
Հզօր համայնք է մե՛րը, թող այդ ուժը արտացոլայ նաեւ անոր ծառայող կառոյցներէն, հաստատութիւններէն, ինչպէս նաեւ՝ «Ասպարէզ»էն:
Ձեր նեցուկն ու խրախուսանքը այս պահը իսկապէս յիշատակելի պիտի դարձնեն՝ կանաչ ճանապարհ բանալով «Ասպարէզ»ին, իր երկրորդ հարիւրամեակի երթը դիւրացնելով:
Շնորհակալութիւն՝ ձեր առատաձեռնութեան եւ նեցուկին համար: