Էջը Պատրաստեց՝ Ճորճ Ատուրեան
Գորգէն Ալեքսանտր Խարթում (Սուտան) ծնած, մանուկ հասակին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած եւ Լոս Անճելըս բնակող երիտասարդ դերասան մընէ: Ան սկսած է իր արուեստի մարզին մէջ նուաճումներ արձանագրել հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ: Մարտ 30ին «Լոս Անճելըս Թայմզ» իր առաջին էջով կ՛անդրադառնայ Ֆէրֆաքսի Կրինուէյ թատերասրահին մէջ բեմադրուած «Սալամ Շալոմ» թատերախաղին մասին, որուն երկու գլխաւոր դերասաններէն մէկը Գորգէն Ալեքսանտրն է:
«Ասպարէզ»ի աշխատակից Ճորճ Ատուրեան անգլերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ:
Ստորեւ սոյն հարցազրոյցը հայերէնով:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խնդրեմ, պատմեցէք ձեր մասին՝ ո՞ւր ծնած էք եւ ինչպէ՞ս հասած էք Լոս Անճելըս:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Ծնած եմ Խարթում, Սուտան: Հրաշքի մը օգնութեամբ ընտանիքս կրցաւ հեռանալ Սուտանէն եւ հասնիլ Ֆիլատելֆիա (ԱՄՆ): Երկար պատմութիւն է այս, սակայն ըսեմ, որ հայրս իր ունեցած բոլոր թղթադրամներու իւաքանչիւրը կպցուց Ասուածաշունչի էջերուն միջեւ, որպէսզի կարողանար իրեն հետ դուրս հանել երկրէն: Հայրս բժիշկ էր, եւ երկիրը բժիշկներու պակասը ունէր՝ եւ պետութիւնը կ՛ուզէր վստահ ըլլալ, որ ան պիտի վերադառնայ:
Ես երեք տարեկան էի, այս բոլորէն շատ բան չեմ յիշեր: Կեանքիս մեծ մասը անցուցի Ֆիլատելֆիայի մէջ, Միամիի մէջ գելէճ յաճախեցի եւ կարճ ժամանակ ետք Լոս Անճելըս փոխադրուեցայ: Եկայ Լոս Անճելըս ընտանիքիս հետ ապրելու եւ խնայողութիւն ընելու, նախքան Նիւ Եորք Սիթի տեղափոխուիլս: Սակայն սիրահարուեցայ քաղաքին հետ եւ տեսայ որ ես արդէն կը գտնուիմ այնտեղ ուր՝ կ՛ուզէի գտնուիլ: Դերասանութիւնը զիս բերաւ այստեղ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պատրաստուեցաք իբրեւ դերասան:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Առաջին դերասանութեան փորձառութիւնս ունեցած եմ երկրորդական վարժարանէս ներս՝ աւարտական տարեշրջանին: Բեմադրեցի «Մայ Ֆէր Լէյտի»ն եւ ստանձնեցի Ֆրէտտի Հիլի դերը: Դերասանութեան որդը շատ ուժեղ մէջս մտաւ: Բայց «Տիզնի Գոլէճ Փրոկրէմ»ի (Disney College Program) իրագործումէն ետք էր, որ նկատեցի թէ դերասանութիւն էր, որ կ՛ուզէի ընել եւ ոչ ուրիշ բան:
«Էփքաթ»ի (Epcot) մէջ աշխատեցայ եւ մասնակցեցայ «Ազգերու գորգանկար» (Tapestry of Nations) հոյակապ շքահանդէսին:

Հետեւած եմ Միամիի համալսարանի երաժշտական թատրոնի ճիւղին ստանալով «Պի. Էյ»ս: Լոս Անճելըսի մէջ դերասանական վարժութիւններ ունեցայ շարք մը ուսուցիչներու հետ՝ Էրիք Մորիսի, Սքաթ Սետիթայի եւ Քիմպըրլի Ճենթզընի: Դերասանական գիտարուեստիս (technic) մեծ մասը Ստրազպըրկի եւ Մայքըլ Չեխովի արուեստաոճի միաձուլումն է: Կ՛ուզեմ եւ կը փորձեմ անձնական փորձառութիւններս օգտագործել զուգահեռելու համար կերպարի փորձառութեան հետ: Սակայն կը սիրեմ նաեւ գործածել երեւակայութիւնս, յատկապէս երբ կարենամ կապակցիլ կերպարին՝ ինքզինքս դնելով անոր հոգեվիճակին մէջ: Անշուշտ այս բոլորը կախեալ է կերպարէն եւ հանգամանքներէն:
Դերասան մը պէտք է ունենայ շարք մը զանանզան գիտարուեստի եւ մօտեցումներու գործիքներ, զորս ան կրնայ օգտագործել որեւէ ժամանակ:
Անոնք (գործիքները) դերասանը կը դարձնեն ճկուն եւ բազմակողմանի եւ իր ճամբուն վրայ յայտնուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստ: Ինծի համար նախապատրաստութիւնն է բանալին:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ուրկէ՞ կու գայ ձեր դերասան ըլլալու սէրը:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Կը սիրեմ պատմել եւ ապրիլ այնպիսի փորձառութիւններ, զորս կարելի պիտի չըլլար ապրիլ այլապէս: Դերասանութիւնը թոյլ կու տայ ոչ միայն ինքզինքդ ճանչնալու, այլ՝ մարդիկ, տարբեր մշաթոյթներ եւ պատմութիւններ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Դուք գլխաւորապէս հետաքրքրուած էք թատրոնի՞ դերասանութեամբ եւ կամ նաեւ ունիք ձգտումներ մեծ պաստառի (cinema) համար դերասանութիւն կատարելու:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Իմ արմատներս թատրոնի մէջ են: Թատրոնը իմ յարումս է: Սակայն նմանօրինակ սէր իմ մօտ ստեղծուած է շարժապատկերի դերասանութեան հանդէպ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատկութիւնն ու օգուտները: Շատեր կ՛ըսեն, որ թատրոնը դերասանին կրկէսն է, իսկ շարժապատկերը՝ բեմադրիչինը. համաձայն եմ: Բեմին վրայ, դերասանը իր արուեստին ուժի ամբողջական տէրն է, մինչդեռ ով գիտէ, թէ բեմադրիչը, կտրատումի սենեակին (cutting room) որ մասը գետին պիտի նետէ ֆիլմի «մոնթաժ»ի ընթացքին: Անդրադարձած եմ, որ կը սիրեմ որոշ ժամանակ կերպարի մը մորթին տակ ապրիլ, սակայն նաեւ աւելու ուշ անցնիլ նոր գործի եւ նոր բաներ փորձելու աշխատանքին. ֆիլմը այս մէկը իրականացնելու առիթ կու տայ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ դերեր ստանձնած էք իբրեւ դերասան:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Գլխաւորապէս աշխատած եմ շրջանային, տեղական թատրոններու մէջ եւ մի քանի շատ լաւ ֆիլմերու մէջ դերեր ստանձնած: Վերջերս, «Տը Քայթ Ռաննըր» (The Kite Runner) միջազգային ներկայացումին մաս կազմեցի, Արիզոնայի թատերախումբին հետ: Խաղացի նաեւ Լոս Անճելըսի «Էմսի» Երաժշտական թատրոնի «Քապարէ» արտադրութեան մէջ:
Իսկ ամէնէն վերջինը յայտնի «Սալամ Շալոմ»ն է, որուն մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած էի: Այս վերջինը շատ մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ, նոյնիսկ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը իր առաջին էջով անդրադաձաւ անոր:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Յաջողութիւն ձեր բոլոր ապագայ աշխատանքներուն:
ԳՈՐԳԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ.- Շնորհակալութիւն
——————————————————————————————————————————————————————————————————-
ՔԱՆՆԻ 63ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ
Ատոմ Էկոյեան Պիտի Նախագահէ Կարճ Ժապաւէններու Դատական Կազմին

Մայիս 12էն 23, Ֆրանսայի Քանն քաղաքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ, աշխարհի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն համարուող Քաննի 63րդ Միջազգային Ֆիլմի փառատօնը:
Այս տարուան մրցող Սինեֆոնտասիոն (Cinefondation՝ ուսանողական ժապաւէններ) եւ կարճ ֆիլմերու դատական կազմին պիտի նախագահէ գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան: Իսկ դատական կազմի մնացեալ անդամներն են՝ Էմանուէլ Տըվօ (Emmanuelle Devos)՝ դերասանուհի. Ֆրանսա, Տինարա Տրուքարովա (Dinara Droukarova)՝ դերասանուհի. Ռուսիա, Քարլօս Տիէկէս (Carlos Diegues)՝ բեմադրիչ. Պրազիլ եւ Մարք Ռէչա (Marc Recha)՝ բեմադրիչ. Սպանիա:
Զանազան երկիրներ ներկայացնող 10էն 15 վայրկեան տեւողութեամբ 9 կարճ ժապաւէններ կը մրցին կարճ ֆիլմի «Փալմ տ՛Օր»ին համար:
Ֆրանսան ներկայացուած է հայազգի բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի «Chienne d’Histoire» (Պատմութեան Շունը) 15 վայրկեանոց ժապաւէնով:

Փառատօնի սոյն բաժինի մնացեալ 8 կարճ ֆիլմերն են.- «Ֆըրսթ Էյտ» (First Aid)՝ Իսրայէլ, «Էսթաշայօ» (Estacao)՝ Պրազիլ, «Մասըլզ» (Muscles)՝ Աւստրալիա, «Միքի Պատըր» (Micky Bader)՝ Շուէտ, «Թու Սուալօ Է Թոտ» (To Swallow A Toad)՝ Լիթվանիա, «Ռօզա» (Rosa)՝ Արժանթին, «Մայա» (Maya)՝ Քիւպա, «Պլօյքս» (Blokes)՝ Չիլի: