ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ.- Մայիս 8ին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) ոչ պաշտօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի ԱՊՀի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն ելոյթները՝ նուիրուած համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտի 65ամեակին։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեան «Երկիր Մետիա»ին յայտնած է, թէ այս վեհաժողովին ծիրէն ներս նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում նախատեսուած չէ։
Ատրպեճանական լրատուամիջոցները աւելի կանուխ կը յայտնէին, որ ԱՊՀի ոչ պաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին Չորեքշաբթի, Մայիս 5ին, ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները «յառաջիկայ օրերուն» Պաքու պիտի այցելեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.