ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մայիսի կէսերուն Յունաստան իր այցելութենէն առաջ կը պատրաստուի մեկնիլ Ատրպէյճան։ Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Պաքուի մէջ պիտի քննէ անցեալ ամիս Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ այլ ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հետ կապուած վերջին զարգացումները եւ հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
«Էն.Թի.Վի.» կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապին կարգաւորման հարցով հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, եւ փափաք յայտնած է անոնց, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը առաւել եւս աշխուժացնէ իր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գծով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.